Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ առաջին անգամ հայկական ծիրանափող հնչած է (տեսանիւթ)
Սուրբ պատարագի ընծաները` հացը եւ գինին, դէպի սուրբ խորան տարին հայկական տարազներով երեխաներ:
Պատարագի ընթացքին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Ցեղասպանութեան 1,5 մլն զոհերու յիշատակին աղօթք հնչեց տարբեր լեզուներով` հայերէն, իտալերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ փորթուկալերէն:
Նշենք, որ այս պատարագը պատմական իրադարձութիւն մըն էր. առաջին անգամ Հռոմի Պապը պատարագ կը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, իսկ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ առաջին անգամ համատեղ պատարագ կը մատուցեն Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները: