Կայացաւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան 2014թ. արդիւնքներու ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Ապրիլ 9-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ կազմակերպուած «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան 2014թ. արդիւնքներու ամփոփման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

            Մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպուեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրի ներքոյ:

2014թ. մրցանակաբաշխութիւնը իրականացուած է հետեւեալ անուանակարգերով` «Մայրենիի պաշտպան», «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ», «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում» եւ «Մենք եղել ենք, մենք կանք, մենք կը լինենք» շարադրութիւններու մրցոյթ:

Ստացուած էին 95 յայտ` 15 երկրէ /ՌԴ, Վրաստան, Ուքրանիա, Իրան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սուրիա, Լիբանան, Պելճիգա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Գերմանիա, Սպանիա, Արժանթին, ԱՄՆ/, իսկ մրցութային յանձնաժողովներու կողմէ գնահատման արդիւնքներով հաստատուած գլխաւոր, 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ կարգի մրցանակներ: Մրցանակակիրները 66-ն են:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով. «Արդէն 6-րդ տարին է, ինչ իրականացւում է «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որի նպատակը մէկն է` արժեւորել Սփիւռքում հայ ազգային ինքնութեան, մշակոյթի պահպանման գործում կազմակերպութիւնների, անհատների ունեցած ներդրումը, արժեւորել եւ գնահատել հայ համայնքների, կրթամշակութային կառոյցների եւ լրատուամիջոցների գործունէութիւնը»:

Նախարարը ընդգծեց. «Ակնյայտ է, որ 2014թ. մրցանակաբաշխութիւնը պէտք է նուիրուած լինէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, եւ մեր բոլոր աշխատանքները մէկ նպատակ պէտք է ունենային` Սփիւռքում ապրող մեր հայրենակիցներին հնարաւորինս ընդգրկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացում: Ուրախ եմ, որ տարէցտարի աւելանում է մրցանակաբաշխութեան մասնակիցների թիւը: Կարծում եմ, բոլոր համայնքներն անխտիր պէտք է մասնակցեն այս մրցանակաբաշխութեանը, որը, վստահ եմ, հայապահպանութեան բացառիկ խթան կը դառնայ»:

Նախարար Հ.Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անուանակարգերու յանձնաժողովներուն` նշելով, որ դժուար եւ պատասխանատու  եղած է անոնց աշխատանքը: Ան մասնաւորապէս բարձր գնահատեց «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգի յանձնաժողովի նախագահ Աստղիկ Գէորգեանի բարեխիղճ աշխատանքը:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արամ Աբրահամեանին` նշելով, որ միշտ ալ հեշտ եւ արդիւնաւէտ է անոր հետ աշխատանքը:

«Ուզում եմ շնորհաւորել բոլոր մասնակիցներին, քանի որ մասնակցութիւնն արդէն յաղթանակ է», – իր խօսքը եզրափակեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

            Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի առաջին փոխնախագահ Արամ Սարգսեան` մասնակիցներուն փոխանցելով Արա Աբրահամեանի խօսքը: «Մեզ համար հարազատ օճախ է դարձել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ սիրով ենք համագործակցում համահայկական մրցանակաբաշխութեան կազմակերպման, ինչպէս նաեւ նախարարութեան բազմաթիւ այլ ծրագրերի իրականացման շրջանակներում», – նշեց Արամ Սարգսեան:

            Հանդիսութեան մասնակիցներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն օրհնանքի խօսք յղեց Գարեգին աբեղայ Համբարձումեան:

Լրատուամիջոցներու «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում» մրցոյթին գլխաւոր մրցանակին արժանացան Ռուսաստանի «Նոեւ կովչեգ» թերթը եւ Արժանթինի սպաներէնով հրատարակուող «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը,  իսկ 11 լրատուամիջոց դարձան մրցանակակիրներ:

Յանձնելով մրցանակը Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթին` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թերթի ողջ խմբագրակազմին Սուրիոյ պատերազմական ծանր պայմաններուն մէջ հայկական տպագիր եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցը պահելու,  պահպանելու համար:

«Մայրենիի պաշտպան» (անհատներ) անուանակարգին մէջ առաջին կարգի մրցանակի արժանացան Սուրիայէն` Տիգրան Փիլաւճեան, Լիբանանէն` Պայծիկ Գալայճեան, Օհան Պոտրումեան եւ Անժէլ Միսիսեան, Պելճիգայէն` Ակնէս Տեկումենեան, Ֆրանսայէն` Էմմա Մարտիրոսեան եւ Վրաստանէն` Անահիտ Բոստանջեան:

Ստանալով մրցանակը` Պայծիկ Գալայճեան առանձնակի շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` նշելով, որ տարիէ տարի աւելի կը մեծնայ նախարարութեան դերը Սփիւռքի մէջ, քանի որ  նախարարութեան կողմէ իրականացուող Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ուղղուած  ծրագիրները կը ծառայեն իրենց նպատակին:

Ուքրանիոյ մէջ գործող «Արագած» ազգային, մշակութային պաշտօնաթերթի անունէն ստանալով թերթին տրուած մրցանակը` Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ նախկին դեսպան Ալեքսանտր Բոժկոն նշեց, որ չնայած Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, հայ համայնքը աշխոյժ կերպով կը նախապատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, եւ այս մրցանակը նոր խթան պիտի հանդիսանայ համայնքի ինքնակազմակերպման:

«Մայրենիի պաշտպան» (կազմակերպութիւն) անուանակարգին մէջ առաջին կարգի մրցանակներու արժանացան ԱՄՆ-ի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը, Ֆրանսայի «ժաֆ» ֆրանսահայ երիտասարդաց միութիւնը եւ Ռուսաստանի (Թաթարստան)  Հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը:

Երկրորդ եւ երրորդ կարգի մրցանակներու արժանացան 8 կազմակերպութիւն եւ դպրոց` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն եւ Պելճիգայէն:

«Լաւագոյն ամենօրեայ կրթօճախ» անուանակարգին մէջ առաջին կարգի մրցանակի արժանացան Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանը, Լիբանանի Զմմառի միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան եւ Ս.Միացեալ  ընծայարանը եւ Ռուսաստանի Չալտր գիւղի միջնակարգ թիւ 1 դպրոցը:

Ստանալով մրցանակը` Զմմառի դպրեվանքի փոխտեսուչ, Զմմառեան Միաբանութեան դպրեվանքի եւ Ս.Միքայէլ Ընծայարանի Գերաշնորհ Հայր Մաշտոց Զահթէրեան նշեց, որ առաջին կարգի մրցանակը մեծ պատիւ է իրենց համար եւ այսուհետ աւելի մեծ ջանքերով պիտի գործեն` համայնքէն ներս հայապահպանութեան եւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ:

«Մենք եղել ենք, մենք կանք, մենք կը լինենք» շարադրութիւններու մրցոյթի անուանակարգին մէջ առաջին կարգի մրցանակի արժանացան Գերմանիայէն Քլարա Տէր-Կարապետեան եւ Ուքրանիայէն` Վերոնիքա Վանեան:

2-րդ եւ 3-րդ կարգի մրցանակներու արժանացան 9 մասնակից` Վրաստանէն, Ռուսաստանէն եւ Ուքրանիայէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը կազմակերպելու եւ հայրենիքի մէջ իրեն ջերմօրէն հիւրընկալելու համար` Գերմանիայէն ժամանած Քլարա Տէր-Կարապետեան նշեց, որ Գերմանիոյ պետական կառոյցներու ուշադրութիւնը գրաւած իր շարադրութիւնը գրած է միմիայն «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս հայրենիքը ճանչնալու եւ սիրելու շնորհիւ:

Նշանակալի է, որ մրցանակակիրներէն  քանի մը հոգի դրամական պարգեւները փոխանցեցին Հայաստանի մանկատուներուն, կրթօճախներուն եւ սահմանին վիրաւորուած  զինուորներէն մէկուն բուժման նպատակով:

            Մասնակիցները դիտեցին 2014թ. մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու, մասնակից-յաղթողներու շնորհակալական խօսքի, ինչպէս նաեւ Մրցանակաբաշխութեան նախորդ տարիներու արդիւնքներու ամփոփման հանդիսութիւններուն մասին պատմող տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ:

            Ձեռնարկին գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ ունեցան «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները (ղեկավար` Նատիա Անտոնեան) եւ Արարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը /գեղարուեստական ղեկավար Լիլիթ Գրիգորեան/:

h1h3h4h10h5h6h7h8h9h11

Scroll Up