Վկայութիւններ հաւաքելու նպատակով՝ ֆրանսական պետական հեռատեսիլը կոչ կ՚ընէ Ցեղասպանութեան զոհերու շառաւիղներուն

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, ֆրանսական պետական հեռատեսիլի francetvinfo.fr կայքէջը՝ վկայութիւններ հաւաքելու նպատակով կոչ կ՚ընէ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք անցած են Ցեղասպանութեան բովէն: “Եթէ ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկը զոհ դարձած է Ցեղասպանութեան, կամ անկէ վերապրելով ապաստանած է Ֆրանսա, պատմեցէք մեզի անոր պատմութիւնը։ Նիւթը ինչպէ՞ս կ՚արծարծուի ձեր ընտանիքին մէջ։ Ի՞նչ ազդեցութիւն գործած է այդ պատմութիւնը ձեր ընտանիքին վրայ։ Պիտի մասնակցի՞ք Հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն” հարցումները յղուած են այս մասին հրապարակուած կոչին մէջ:
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, կրնան կապ հաստատել գրելով՝ http://www.francetvinfo.fr/monde/armenie/genocide-armenien/appel-a-temoignages-si-votre-famille-a-connu-le-genocide-armenien-racontez-nous-son-histoire_866051.html հասցէին, առանց մոռնալու նշել անուն, բնակութեան շրջան, հեռաձայնի թիւ կամ հասցէ: (Կ՚ընդգծուի, թէ անձնական այս տուեալները գաղտնի պիտի մնան):
Այս մասին յայտնած է Նոր Յառաջ: