Քալիֆորնիոյ Դեւիս համալսարանի ուսումնական խորհուրդը ընդունած է $72.6 մլիոնն թրքական պարտատոմսերէն ազատելու մասին բանաձեւ

Մայիս 7-ին Քալիֆորնիոյ Դեւիս համալսարանի Ուսանողական խորհուրդը 2 ձեռնպահ եւ 10 կողմ քուէարկութեամբ ընդունած է “Հայոց ցեղասպանութեան յաւէրժացումը աւարտելու համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ գործակցութենէն ազատելու բանաձեւ”: Բանաձեւը կոչ կ’ընէ  Քալիֆորնիոյ եւ Դեւիս համալսարաններուն զրկելու Թուրքիան 72.6 միլիոն տոլար արժողութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի պարտատոսմերէն Թուրքիոյ իրականացուցած յանցագործութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական հերքման համար, կը հաղորդէ Asbarez-ը:

Դեւիս համալսարանի ուսանողներու մեծ մասը Հայ ուսանողական միութեան անդամներ են, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք հաւաքուած էին բանաձեւի լսումներուն եւ խօսած թրքական կառավարութեան մէջ համալսարանի ներդրումներու եւ անոնցմէ զրկելու մասին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ` Ցեղասպանութեան շարունակական հերքման:

Թուրքիան համալսարանական ներդրումներէն զրկելէն բացի` բանաձեւի մէջ կը յիշատակուին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան կոտորածները իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան շարունակական ցեղասպանութեան հերքման արշաւներ, եւ այն ջանքերը, որոնք կը տարուին թաքցնելու մարդկութեան դէմ իրականացուցած յանցագործութիւնները:

“Ներկայացուցածս բանաձեւին կ’աջակցին շարք մը ծերակուտականներ, համայնքային ղեկավարներ եւ ուսանողներ: Սակայն Թուրքիան մեր ներդրումներէն զրկելու բանաձեւը այստեղ` Դեւիսի մէջ, հանդիպած էր շարք մը մարտահրաւէրներու: Երբ ես ներկայացուցած էի բանաձեւը, մարդիկ կը վարանէին եւ կը վախնային, որ անիկայ կ’ըլլայ քաղաքականապէս տարանջատող: Մենք ժամեր  ծախսած ենք համոզուելու համար, որ բանաձեւի լեզուն կը համապատասխանէ սահմանադրականին: Բանաձեւի ճանաչման համար շատ ջանքեր գործադրուած են, եւ ես հպարտ եմ, որ Դեւիսի համալսարանը դէմ է Հայոց ցեղասպանութեան հերքման”,- ըսած է բանաձեւի հեղինակ` կենսաքիմիա եւ մոլեկուլային կենսաբանութիւն ուսումնասիրող ուսանող Սեւան Նահապետեանը:

Լոս Անճլսի Բերքլիի եւ Իրուինի քալիֆորնիական համալսարանները այս տարուան Յունուար, Փետրուար եւ Մայիս ամիսներուն միաձայն ընդունած էին նման բանաձեւեր, որոնք Ամերիկայի Արեւմտեան Նահանգներու Հայ երիտասարդական ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնն են:

Scroll Up