Ապրիլ 24¬-ը Ճորճիայի մէջ յայտարարուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր

ԱՄՆ Ճորճիա նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը ոգեկոչած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ ընդունած H.R. 904 բանաձեւը:

ԱՄՆ Հայ դատի գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջի հաղորդմամբ` բանաձեւով Ապրիլ 24-­ը Ճորճիայի մէջ հռչակուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, կը գրէ Artsakhpress-ը:

ԱՄՆ 50 նահանգներէն 42-­ը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

Scroll Up