Ծերակուտական Ատամ Շիֆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ պիտի ներկայացնէ ցեղասպանութեան զոհերու անուններէն մաս մը
Իր հայանպաստ գործունէութեամբ յայտնի ամերիկացի ծերակուտական, ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆ տեղեկացուցած է, որ Ապրիլ 22-ին ամբողջ ժամ մը պիտի տրամադրէ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու անուններու ընթերցման, կը գրէ Tert.am-ը:
Այս մասին ինչպէս կը նշէ asbarez.com-ը, ծերակուտականը կոչ ուղղած է Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն իրենց հարազատներու անունները ուղարկել համապատասխան հասցէով, որպէսզի ատոնք եւս ներառուին իր կողմէ ընթերցուելիք ցուցակին մէջ:
«Մէկ ժամուան ընթացքին ես պիտի կարենամ ընթերցել Ցեղասպանութեան զոհ գացած մարդոց միայն փոքր թիւի անունները: Իսկ 1.5 մլն-էն աւելի զոհուածներու անունները ամբողջովին ընթերցելու համար կը պահանջուին շաբաթներ: Լիայոյս եմ, որ իմ այս քայլով կ’օգնեմ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու այս ոճրագործութեան: Մարդիկ, որոնց անունները ես կ’ընթերցեմ, եղած են որդի, դուստր, մայր ու հայր, տատ ու պապ, մօրաքոյր ու քեռի. անոնցմէ ամէն մէկուն կեանքը անգին էր»,- ըսած է ծերակուտականը: