Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները Պաղտատի մէջ նշած են Մայրերու տօնը

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները Պաղտատի մէջ իրականացուցած են հանդիսութիւն, նուիրուած մայրերու օրուան առթիւ, որ կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ: Այս մասին կը գրէ իրաքեան Իշթարtv. կայքը:
Հանդիսութեան ընթացքին , որ տեղի ունեցաւ Ի.Հ.Բ.Ը.Միութեան սրահին մէջ, ելոյթներ ունեցան փոքրիկներն ու երիտասարդները, նաեւ ներկայացուեցան բանաստեղծութիւններ , որմով փառաբանեցին այս առիթը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Իրաքի մշակոյթի նախկին նախարար Մուֆիտ Ալճազրը, Իրաքի խորհրդարանի անդամ Ճոզէֆ Սլեուա Սպուն, Իրաքի մշակոյթի նախարարութեան տեղակալ Ֆաուզի Ալաթրուշին, ՀՀ դեսպանութեան կցորդ Ստեփան Գէորգեան, Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, եւ մեծ թիւով ներկաներ:
Հանդիսութեան սկիզբը խօսք առաւ Իրաքի գրողներու միութեան նախագահ Ալֆլէտ Սամաանը, խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի վիշտի օրերուն պատիւ ունի կանգնելու հայ ժողովուրդի կողքին, անկէ ետք խօսք առաւ Իրաքի թեմի առաջնորդ Աւագ սրբազան, որ ըսաւ «Հայ ժողովուդը միւս ժողովուդներուն հետ միասին պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը Ապրիլ 24-ին, ձեռնարկները պիտի շարունակուին ամբողջ տարուան ընթացքին» Սրբազանը նշեց , որ Ապրիլ 23-ին պիտի սրբադասուին բոլոր նահատակները:
Հանդիսութեան` երիտասարդները իրենց ելոյթներով արժեւորեցին մօր դերը նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ:
Աւարտին մասնակիցները` փոքրիկներն ու երիտասարդները կատարեցին Հայաստանի օրհներգը: