Անկելա Մերքել Ապրիլ 24-ին պիտի չայցելէ Երեւան

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել չի մասնակցիր Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք  Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի արարողութիւններուն: Այս մասին, ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ Գերմանիոյ թրքական «zaman-online.de» կայքը: Գերմանիան Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ Եւրոմիութեան (ԵՄ) հարցերով պատասխանատու նախարար Միշել Ռոտը, որ կը ներկայացնէ «Աոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւն»-ը (ՍԴԿ- SPD):

«Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք հայերու տեղահանութեան եւ սպանութիւններու յիշատակման ձեռնարկներուն պիտի ըլլամ Գերմանիոյ դաշնային կառավարութեան ներկայացուցիչը»,- ըսած է Ռոտը`  չօգտագործելով ցեղասպանութիւն եզրոյթը:

Իսկ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք Կալիպոլիի ձեռնարկներուն Գերմանիոյ մասնակցութեան հարցին մասին աղբիւրը որեւէ բան չէ յայտնած:

Աւելի առաջ Գերմանիոյ կառավարութիւնը, պատասխանելով «Ձախերու կուսակցութեան» (Die Linke) հարցման, պատասխանած էր, որ Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ Գերմանիոյ ներկայացուցիչի հարցը  դեռ քննարկման մէջ է:

Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ’որակէ 1915թ ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն, պատասխան  տրուած էր, թէ անհրաժեշտ է պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծել, որ կ’ուսումնասիրէ այդ հարցը: Այդ պատասխանին մէջ եւս չէր գործածուած ցեղասպանութիւն եզրոյթը:

 

Scroll Up