Դեռ Որքա՞ն Իրականութենէն Պիտի Վախնանք. Թուրք Յօդուածագիրին Անդրադարձը

Թրքական «Վաթան» պարբերականի յօդուածագիր Սանեմ Ալթանը իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է պատմութեան առերեսուելու Թուրքիոյ վախին, պատմութեան հետ հաշտ ապրելու անհրաժեշտութեան:

Tert.am-ը յօդուածը կը ներկայացնէ որոշակի կրճատումներով.

«Ոչ մէկ երկրի ձեռքը մաքուր չէ, սակայն մեղադրեալի աթոռին այսօր միայն մենք ենք: Մեր պատմութիւնը արիւնոտ է, մենք շատ կոտորածներ ըրած ենք: Լաւ, եթէ բոլորը ըրած են, ինչո՞ւ մեզի աւելի կը մեղադրեն:

Քանի որ արիւնոտ պատմութիւն ունեցող միւս ազգերը իրենց պատմութեան հետ հաշտուած են: Իրենք ըրած են, իրենք ալ իրենց մեղադրած:

Կոտորածները, անարդարութիւնները քննադատող ֆիլմեր, գիրքեր պատրաստած են, պատմական ուսումնասիրութիւններն ալ իրենք ըրած են:

Մենք, սակայն, ոչ մեր անցեալին, ոչ ալ ներկային հետ չենք առերեսուիր:

Մեզի եւ հանրութեան ըսած սուտերով մեզի եւ մեր շրջապատը կը թունաւորենք: Մեր ըրածները, գաղտնիքի նման, մեր ժողովուրդէն ալ կը թաքցնենք: Թոյլ չենք տար, որ այդ մասին գոնէ մէկ գործ գրուի… Ամէն օր հեռուստաընկերութիւններով «այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումը կը լսենք, սակայն ի՞նչ է այդ «այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւնը»` չենք գիտեր:

Ի՞նչ տեղի ունեցած է, մե՞նք հայերը մորթած ենք, թէ անոնք յարձակած են մեր վրայ: Ոչ մէկ թուրք ատիկա իրական չի գիտեր:

****

Հայոց ցեղասպանութեան, կամ այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը այս տարի է… ամէն տեղ այդ մասին տարբեր քննարկումներ, փաստագրականներ կան…

«Ակօս»-ի կայքին մէջ վերջերս Վատիկանի փաստաթուղթերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերու մասին լուրը երբ կարդացի շատ յուզուեցայ… Պատմութեան գաղտնի ու մութ անկիւնները միշտ գրաւած են զիս: Միայն գաղտնի փաստաթղթերուն հասնելու հաւանականութեան համար կը ցանկանայի պատմաբան ըլլալ:

***

Իրականութեան մէջ անցեալի վէրքեր, սուտեր ու ցաւեր չունեցող ազգ աշխարհին մէջ գրեթէ գոյութիւն չունի: Սակայն Թուրքիան, ինչպէս Ռաքէլ Տինքը կ՛ըսէր (լրագրող Հրանդ Տինքի այրին- Tert.am), ատոնց առերեսուելէն վախնալով` դեռ այդ սուտերու ստուերին մէջ կը մեծցնեն երեխաները.. Այդ պատճառով ալ, գուցէ, արխիւները կը վախեցնեն ղեկավարները:

Սական դեռ որքա՞ն առերեսուելէն, իրականութիւնը քննելէն պիտի խուսափինք: Դեռ որքա՞ն անցեալէն պիտի վախնանք: 100 տարի առաջուընէ վախցողը միթէ՞ ներկայէն «լեղապատառ չ՛ըլլլար»:

Կ՛ուզեմ տեսնել այն օրերը, երբ այլեւս պիտի չվախենանք…»:

Scroll Up