Catholic Herald: Մենք Պէտք Չէ Մոռնանք Հայաստանի Տառապանքին Մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Alexander-Lucie-Smith-300x225.jpg)
Կաթոլիկ հոգեւորական, աստուածաբանութեան դոկտոր Ալեքսանտր Լիւսի-Սմիթը լոնտոնեան Catholic Herald պարբերականը անդրադարձ կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան, հարիւրամեակին եւ ոգեկոչման կարեւորութեան: Այս մասին կը գրէ armeniangenocide100.org կայքը:
Ծիսական առումով Փետրուարի սկիզը լաւ ժամանակ է: Սուրբ Ծնունդէն 40 օր անց` երկուշաբթի, մենք տօնեցինք Տեառնընդառաջը, ուր կ’օրհնուին մոմերը, իսկ երեքշաբթի` Սբ. Բարսեղի տօնը, որուն ժամանակ կոկորդները կ’օրհնուին:
Սբ. Բարսեղը այն սուրբերէն է, որոնց մասին շատ քիչ բան յայտնի է` չնայած անոր հանդէպ մեծ պաշտամունքին: Ինչպէս միւս նահատակները, միայն դարեր անց հեղինակաւոր կ’ըլլան եւ յիշատակութիւններ կը գրուին, որոնք ալ պատմական արժէք չունին: Բայց, վստահաբար, Բարսեղը եպիսկոպոս էր ու նահատակ, որ ապրած է ներկայիս Թուրքիոյ Սիւաս քաղաքին մէջ, որ այն օրերուն Հայաստանի տարածքին մէջ էր եւ կը կոչուէր Սեբաստիա:
Ժամանակին Հայաստան շատ աւելի մեծ տարածք կը զբաղեցնէր, քան այսօր կը զբաղեցնէ նախկին խորհրդային երկիրը: Այժմ Սիւաս քաղաքը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ կեդրոնին մէջ, իսկ մինչեւ 100 տարի առաջ այն ծաղկուն քաղաք էր` բնակեցուած հայ եւ յոյն քրիստոնեաներով: Բայց եկաւ ճակատագրական օրը. 1915թ., Ապրիլ 24: Այս օրն էր, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ ձերբակալել եւ տեղահանել անյիշելի ժամանակներէն Անատոլիա ապրող հայերը: Զերբակալութիւններուն, տեղահանման, կոտորածներուն եւ բնաջնջման այս կազմակերպուած ծրագիրին զոհ գնաց մօտ 1,5 միլիոն հայ: Սա է պատճառը, որ Թուրքիա այցելողները կը տեսնեն հայկական պատմութեան բազմաթիւ օրինակներ, բայց ոչ մէկ, կամ ամենաշատը քանի մը հայ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը կ’ոգեկոչուի ամբողջ աշխարհի մէջ, բայց ոչ Թուրքիոյ եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չվտանգելու համար ջանասիրաբար կը խուսափի ցեղասպանութեան յիշատակումէն:
Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ այդքան յայտնի Սբ. Բարսեղը միակ հայ սուրբն է, որ ներառուած է Տիեզերական օրացոյցին մէջ: Ան իր մշակոյթի միակ ներկայացուցիչն է, բայց ինչպիսի՜ մշակոյթի: Սբ. Բարսեղի ժողովուրդը ամենահին քրիստոնեայ ազգն է, որ դարձի եկած է Քրիստոսին Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ 301թ.` մինչեւ Կոստանդիանոս Ա Մեծ կայսրը:
Ի Դէպ, Հայաստանի մէջ աւելի շատ նահատակուած են, քան աշխարհի մէկ այլ անկիւնի մէջ` հաշուի առնելով, որ ցեղասպանութեան զոհերը քրիստոնէական հաւատքի ատելութեան հողի վրայ սպաննուած են: Հիմա մենք արդարացիօրէն մտահոգուած ենք ISIS-ի դաժանութեամբ, ուստի եկէք չմոռնանք 100 տարի առաջ զոհուած հայերուն:
Արժանայիշատակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ատոլֆ Հիթլերի տեսակէտը, որուն անդրադարձ կատարած է 1939-ին.
«Մեր ուժը մեր արագութիւնն է եւ դաժանութիւնը: Չինկիզ խանը` իր թելադրանքով, թեթեւ ու ուրախ սրտով կոտորել տուաւ միլիոնաւոր կանանց ու երեխաներու: Այսօր պատմութիւնը անոր կը դիտէ իբրեւ հզօր պետութեան մը հիմնադիրը: Ես կարեւորութիւն չեմ տար այն բանին, թէ թոյլ Արեւմտեան Եւրոպան ինչ կ’ըսէ իմ մասին: Ես հրաման արձակած եմ` (եւ կը գնդակահարեմ բոլոր անոնց, որոնք թէկուզ քննադատական խօսք մը անգամ արտաբերեն) յայտնելով, որ պատերազմի վերջնական նպատակը ոչ թէ որոշակի սահմաններ հաստատելն է, այլ թշնամիի ֆիզիքական բնաջնջումը: Ուստի, ես առայժմ Արեւելք ուղարկած եմ միայն իմ «Գանգի ստորաբաժանումները»` հրամայելով անոնց` առանց գթութեան եւ խղճահարութեան, անխտիր սպաննել լեհական ցեղը կամ այդ լեզուին պատկանող բոլոր տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն: Միայն այս միջոցով է, որ մենք կը նուաճինք մեզ անհրաժեշտ տարածքներ: Ի վերջոյ, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու ոչնչացման մասին»:
Իսկապէս` ո՞վ: Այդ է պատճառը, որ մենք պիտի խօսինք եւ այս Ապրիլին յիշենք Հայաստանի մասին: Ուստի, գրանցէք ձեր օրագիրներուն մէջ Հարիւրամեակի ամսաթիւը: