Կ.Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Է Երթ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամները Կ.Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած  կազմակերպած են երթ:

Ըստ Mynet-ի` երթի մասնակիցները հաւաքուած են Շիշլիի Փանգալթըի մեթրոյի կայարանի մօտ, մոմ  վառած են ու մեխակներ դրած, ապա սկսած է երթը:

Հայկական «Սարերի հովին մեռնեմ» երգի հնչիւններու ներքոյ ընթացող երթի մասնակիցները պարզած են «մի’ մոռացիր Հայոց ցեղասպանութիւնը» գրութեամբ պաստառներ: Անոնք անցած են նաեւ Հրանդ Տինքի անունը կրող թաղամասով:  Երթը աւարտած է Քուրթուլուշ թաղամասէն, ուր մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` քննադատելով թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը:

yerkir.am

Scroll Up