Ակնարկ Օղակներն Ու Ընդհանուր Շղթան
Թուրքիոյ վարչապետին արդէն իսկ թոշակառու խորհրդականին ետքայլը չուշացաւ։ Իրաւամբ ցեղասպանութեան հարցի մասին կատարած համարձակ բարձրաձայնումներէն ետք պարզ է, որ կա՛մ հրաժեշտ պիտի տար իր պաշտօնին, կա՛մ ալ մտածել պիտի տար, որ ամէն ինչ վերահսկուած է, եւ վարչապետին կողմէ պատուիրուած, ինչ որ աւելի կը մղէր դիպաշարին հետեւողը այդ յայտարարութիւններուն ետին տեսնելու Անգարայի կողմէ կիրարկուած մարտավարական հանգրուանները։
8 ապրիլին, այս սիւնակներէն, ի լուր Մահճուբեանի կատարած աննախընթաց յայտարարութիւններուն, կը հաստատուէր. եթէ թոյլտուութեամբ կատարուած յայտարարութիւն չէ այս մէկը, ապա Մահճուբեանը պէտք է հրաժեշտ տուած ըլլար իր պաշտօնին: Ո՛չ ակնկալուած թրքական զայրոյթ կայ այս յայտարարութեան դիմաց, ո՛չ ալ Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ համապատասխան արձագանգ: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ հանդուրժողականութեան նմուշ կը բեմադրէ Անգարան միջազգային հանրութեան: Ի վերջոյ, միշտ նկատի ունենալով յայտարարողին հանգամանքը, կատարուածը Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան կիսաճանաչում է:
Ցեղասպանութիւն եզրի վերաշեշտումը աւելի համոզիչ կը դարձնէր այս երկուութեան յստակացումը. փաստօրէն, տարիքային սահմանագիծի պատրուակով Մահճուբեանը այլեւս գործող իրաւասու խորհրդական չէր։ Բայց Մահճուբեանի մօտ կը նկատուի տեղատուութիւն-մակընթացութիւն ընթացք մը, ինչ որ ոչ միայն կը բարդացնէ յայտարարութիւններուն մեկնաբանութեան փորձերը, այլ ընդհանրապէս կը յուշէ որեւէ վերլուծողի չշտապել եւ սպասել յաջորդ յայտարարութեան։ Աւելի քան օսմանցի եմ, քան հայ ըսողը մէկ օր ետք 15-ի դէպքերը բնորոշեց ցեղասպանութիւն, եւ աւելի՛ն՝ այդ հասկացողութիւնը դիտարկեց իբրեւ իրաւական եզր եւ ոչ թէ պատմական։
Այս ընթացքի կամ վարքագիծի ընկալումով ալ պէտք է կարդալ թոշակի երթալու իրողութեան իր բացատրողականը. Մահճուբեան կը պարզաբանէր, որ ինք չի դադրիր խորհրդականի պաշտօնէն, պարզապէս այդ աշխատանքին համար չի գանձեր՝ տրուած ըլլալով, որ հատած է աշխատանքի առաւելագոյն տարիքի սահմանը։
Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ իրաւականութեան մասին աննախադէպ յայտարարութիւն կատարելէ ետք, այս անգամ տեղատուութեան այլ յայտարարութիւն կը կատարէր միեւնոյն Մահճուբեանը։
Մահճուբեանը, ակնարկելով, որ աշխատանքէ հեռանալու հարցին մէջ կարեւոր եղած են Ցեղասպանութեան մասին իր յայտարարութիւններէն ետք իշխող կուսակցութեան կողմէ քննադատութիւնները՝ պնդած է, որ եթէ ինք Թուրքիոյ վարչապետը ըլլար, չէր ընդուներ Ցեղասպանութիւնը, քանի որ այսօրուան վարչապետը պատասխանատու է քաղաքացիներուն այսօրուան բարեկեցութեան համար։
Եթէ պահ մը բացառենք (թէեւ դժուար), որ այս յայտարարութիւնը ինքնակամ եւ ոչ թէ պատուէրային բնոյթ ունի, ապա փորձենք մնալ Մահճուբեանի որդեգրած տրամաբանական հետեւողականութեան սահմաններուն մէջ։
Մահճուբեան կը շարունակէ խորհուրդ տալ վարչապետին (թէեւ առանց վարձատրուելու)։ Ինք այս ձեւով խորհուրդ կու տայ չճանչնալու Ցեղասպանութիւնը։ Այսինքն, խորհրդականը ի՛նք անձնապէս ցեղասպանութիւն կը նկատէ պատահարները, սակայն իր վարչապետին խորհուրդ կու տայ նման ճանաչում չկատարելու։
Եթէ խորհրդականի չվարձատրուող հանգամանքը պահուած է, ապա ինչո՞ւ այս խորհուրդին հրապարակային բնոյթ կու տայ երբեմնի գլխաւոր խորհրդականը եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու նոր դուռեր կը բանայ իր այ՛ս յայտարարութեամբ եւ յայտարարութեան հրապարակայնացումով։
Հիմա կը մնայ մեկնաբանել, որ ցեղասպանութեան ընդունումը Անգարայի կողմէ ինչպէ՞ս կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ թուրք հասարակութեան բարեկեցութեան վրայ։ Ցեղասպանութիւնը, ըստ Մահճուբեանի նախորդ յայտարարութեան, իրաւական եզր է. այս բացատրութեամբ կը թուի, որ Անգարայի համար ընկերատնտեսական խնդիր է։ Իսկ եթէ յայտարարութիւնը այնպէս ընկալենք, որ վարչապետին գործառոյթները կը սահմաանփակուին ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներով, ապա այդ պարագային պէտք է հարց տալ, որ Մահճուբեանը նշանակուած էր իբրեւ ընկերաբա՞ն կամ ֆինանսագէ՞տ նման բարձրագոյն պաշտօն զբաղեցնելու համար։
Մահճուբեանը, թէեւ մակընթացութիւններով եւ տեղատուութիւններով, աննախադէպ յայտարարութիւններ կատարած է. եւ այդ մէկը կարեւոր է անշուշտ։ Սակայն իր յայտարարութիւններու ընդհանուր շղթան պէտք է դիտարկել հետեւութիւններ կատարելու համար եւ ոչ թէ տուեալ օղակը շղթայէն դուրս բերելով պէտք է յատուկ լուսարձակի տակ բերել։ Քարոզչական մակարդակի վրայ կան օղակներ, որոնց առանձնացումը կը նպաստէ ընդհանուր առաջադրանքին։ Բայց շղթան կարեւոր է Անգարայի մարտավարական խաղերը կարենալ ընկալելու համար։