Քիւրտական կուսակցութիւնը Սթամպուլի մէջ պիտի առաջադրէ հայ Կարօ Փայլանի թեկնածութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Karo-Paykan.jpg)
«Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն մեծամասնական ընտրակարգով Թուրքիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի նաեւ քիւրտական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամ Կարօ Փայլան, կը գրէ Artsakhpress-ը:
Այս մասին թրքական «Ռատիքալ» պարբերականին յայտնած է կուսակցութեան անանուն աղբիւրը:
Ըստ պարբերականին ունեցած ոչ պաշտօնական տուեալներուն` ի թիւս քանի մը այլ թեկնածուներու` ԺԴԿ-ն հայկական համայնքը ներկայացնող Փայլանը պիտի առաջադրէ Սթամպուլի մէջ: Կը նշուի, որ «ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշի թեկնածութիւնը նոյնպէս պիտի առաջադրուի Սթամպուլէն:
Յիշեցնենք, որ բացի Փայլանէն, ԺԴԿ-ի ցուցակով Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւններուն համար պայքարելու դիմում կը ներկայացնեն եւս վեց հայկական արմատներ ունեցող գործիչներ` Մուրաթ Մըհչըն, Ֆիլոր Ուլուքը, Տիրէն Ճեւահիր Շէնը, Ֆիքրի Չալըշի, Նուարդ Պաքըրջըօղլուի եւ Զաքարիա Սապունճին:
Հարկ է նշել, որ ազգութեամբ հայ պատգամաւորի «թեկնածութեան թեկնածուներ» կան նաեւ թրքական միւս երկու` իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւններու ցուցակներուն մէջ։