Յունահայ երիտասարդները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջագիր յանձնած են ԵՄ ներկայացուցիչին

ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները Յունաստանի մէջ եւրոմիութեան պատուիրակութեան շէնքին դիմաց բողոքի արշաւ  կազմակերպած են` պահանջելով, որպէսզի ԵՄ անդամ պետութիւնները վերջ տան ժխտողական քաղաքականութեան եւ ճանչնան ու դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Աթէնքի մէջ հրատարակուող «Ազատ օր» պարբերականի խմբագրութեան փոխանցմամբ` երիտասարդները պահանջագիր  յանձնած են Եւրոմիութեան ներկայացուցիչին, ուր շեշտած են, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութեան փաստն ու համաշխարհային քարոզչութիւն  կ’իրականացնէ պատմական իրողութիւնը աղաւաղելու համար:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին, մենք` իբրեւ վերապրածներու սերունդ, կը յայտարարենք, որ վճռական ենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ հայ ազգի անանցողիկ իրաւունքներուն համար մղուող արդար գործին: Մենք կոչ կ’ընենք Եւրոմիութեան խրախուսել անդամ պետութիւններուն, որ անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնն ու քրէական պատասխանատուութեան ենթարկեն ժխտողներուն»,- ըսուած է պահանջագիրին մէջ :

Յունահայ երիտասարդները նաեւ կը պահանջեն ԵՄ-էն` ճնշումներ գործադրել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու քայլեր կատարէ` նիւթական եւ ոչ նիւթական կորուստներու փոխհատուցման եւ հայ ազգի պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ:

 

Scroll Up