Կլենտէյլի Շամլեան դպրոցի աշակերտները հարիւր անմոռուկ ցանած են
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելու համար Կլենտէյլի մէջ գործող Վահան եւ Անոյշ Շամլեան հայկական դպրոցի առաջին եւ ութերորդ դասարանցիները 100 հատ անմոռուկ ցանած են La Crescenta-ի այգիին մէջ, tert.am-ի փոխանցմամբ, կը գրէ glendalenewspress.com-ը:
Դպրոցի աշակերտական խորհուրդի նախագահ 13-ամեայ Արա Եակուբեան նշած է, որ ութերորդ դասարանի աշակերտները կը ցանկային միանալ առաջին դասարանցիներուն ծաղիկներ ցանելու, որպէսզի տարիքով փոքր աշակերտները կարենան տեսնել, թէ ինչպէս ծաղիկները կ’աճին ժամանակի ընթացքին:
Դպրոցի ութերորդ դասարանի աշակերտները նաեւ կը պատրաստուին յաջորդ շաբաթ Հայաստան մեկնիլ:
Արա Եակուբեան յայտնած է, որ Հայաստան այցելած է փոքր տարիքին, ան կը յուսայ, որ այս տարուան իր այցը բոլորովին նոր փորձառութիւն կ’ըլլայ` յատկապէս հայկական մշակոյթը իւրացնելէ եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարիլիցին դպրոցը աւարտելէ յետոյ:
Ծաղիկներ ցանելու արարողութեան մասնակցած է նաեւ դպրոցի տնօրէն Թալին Քարկոտորեան:
Բացի այդ, երեքշաբթի օրը Շամլեան դպրոցի խումբ մը ծնողներ յայտնած են, որ կը պատրաստուին մօտ 4.800 քիլոմեթր ճանապարհ անցնիլ` վազելով եւ հեծանիւով մարաթոն կազմակերպելով Լոս Անճելըսէն մինչեւ Ուաշինկթըն:
Անոնք կը պատրաստուին սկսիլ մարաթօնը Լոս Անճելըսի մէջ Ապրիլ 24-ին եւ կը նախատեսեն մայրաքաղաք հասնիլ Մայիս 7-ին: Իրենց ճանապարհին անոնք յոյս ունին իրազեկել Հայոց ցեղասպանութեան եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու մասին:
Այս մարաթօնի գաղափարը յառաջացած է Միքայէլ Մարգարեանի մօտ, որ ոգեշնչուած է Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու համար ամէն տարի դպրոցի կազմակերպած երթով, երբ ծնողներն ու աշակերտները Շամլեան դպրոցէն կ’երթան Սուրբ Մարիամ հայ առաքելական եկեղեցի: