Իսրայէլցի Գիտնականը Կոչ Կ՛ընէ Իր Երկրի Նախագահին եւ Վարչապետին Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց Իսրայէլը եւ մասնաւորապէս հրեայ ժողովուրդը բարոյական պարտաւորութիւն ունին ճանչնալու հայերու ցեղասպանութիւնը: «Հոլոքսթի ժամանակ մէկ երրորդը կորսնցուցած ժողովուրդը չի կրնար ժխտել մէկ այլ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը, որ կորսնցուցած է իր բնակչութեան երկու երրորդը»,-­ ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով i24news հեռուստաընկերութեան կայքը, այս մասին իր յօդուածին մէջ նշած է Իսրայէլի Պար-Իլանի համալսարանի Միջին Արեւելքի հարցերով մասնագէտ եւ աւագ գիտաշխատող Էտի Քոհենը:

«ԱՄՆ 44 քոնկրէսականներ վերջերս բանաձեւ ներկայացուցին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատ` կոչ ընելով Օպամայի վարչակազմին հայկական հոլոքսթը ճանչնալու որպէս ցեղասպանութիւն: Դեռեւս յայտնի չէ, թէ բանաձեւը երբ քուերակութեան պիտի դրուի, սակայն, կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգները շուտով պիտի միանայ 20-­րդ դարու ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած երկիրներուն»,-­ կը գրէ հեղինակը` աւելցնելով, որ Իսրայէլը երբեք պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքականութիւնը վարած է թուրքերուն «չվշտացնելու» մտայնութեամբ: Հակառակ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի կարեւորութեանը եւ հրէաներու պատմութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան` շատ իսրայէլցիներ նոյնիսկ տեղեակ չեն անկէ, քանզի լրատուամիջոցները միտումնաւոր ետ պահած են հրեայ հասարակութիւնը հայերու ողբերգութեան մասին իմանալու իրաւունքէն:

Գիտնականի գնահատմամբ` Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած բոլոր փորձերը մեծամասամբ ձախողած են Թուրքիոյ արձագանգի վերաբերեալ Իսրայէլի մտահոգութիւններուն պատճառով: Հեղինակը սխալ կը համարէ այն, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը կը շարունակէ անտեսել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, այն պարագային, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը ակներեւօրէն հակաիսրայէլական եւ հակասեմական գիծ առաջ կը տանի:

Էտի Քոհենի կարծիքով` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյական եւ պատմական հիմնաւորում կայ եւ անիկա պէտք է դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ: Ան նաեւ կը յայտնէ, որ Facebook ընկերային ցանցին մէջ իր կողմէ բացուած «Ճանչնալ հայերու Ցեղասպանութիւնը» էջին մէջ, ինք կոչ կ՛ընէ Իսրայէլի նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինին եւ վարչապետ Պենեամին Նեթանեահուին անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ուղղութեամբ:

Scroll Up