ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնական հանդիպումները Գանպերայի մէջ
Մարտ 24-ին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու նպատակով Սիտնէյէն մեկնեցաւ Գանպերա:
Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ նախարարը հանդիպեցաւ ազգութեամբ հայ նախարար, հիւսիսային Սիտնէյի խորհուրդի անդամ, գանձապետ, Ճոյ Հոքէյին Քննարկուեցան Հայաստան-Աւստրալիա երկկողմ յարաբերութիւնները, Հայրենիքի եւ Աւստրալահայ համայնքի գործակցութեան առնչուող եւ այլ հարցեր: Նախարարը Ճ. Հոքէյին ներկայացուց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները եւ անոր նուիրեց անմոռուկ:
Այնուհետեւ հանդիպեցաւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտրի նախարարի խորհրդարանական քարտուղար Սթիւէն Չիոպոյի հետ եւ ի թիւս երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Աւստրալիա առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հնարաւոր զարգացումներուն: Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հրէշաւոր հետեւանքներուն մասին` կարեւոր համարելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը` իբրեւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման գրաւականի:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպեցաւ նաեւ Աւստրալիոյ գիւղատնտեսութեան, ձկնորսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Ճոյել Ֆիցգիպոնին, Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Միշէլ Ռոլանտին, Խորհրդարանի անդամ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բանակային 100-ամեակի հարցերով ստուերային նախարար Տէյվիտ Ֆինէյին, Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ, ենթակառուցուածքներու եւ տարածաշրջանային զարգացման եւ զբօսաշրջութեան հարցերով միութեան քաղաքականութեան յանձնաժողովներու նախագահ, Սիտնէյի օդակայանի համայնքային համաժողովի նախագահ Ճոն Ալեքսանտրին: Քննարկուեցան եկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Նախարարը խօսեցաւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս իրականացուող ձեռնարկներուն մասին` կարեւոր համարելով յատկապէս Ապրիլ 22-23-ին տեղի ունենալիք «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովը, որ պիտի դառնայ հարթակ` խօսելու ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ ցեղասպանութիւններու մասին առհասարակ: Նախարարը նշած է, որ յատուկ կարեւորութիւն ունի Ապրիլ 23-ին Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութիւնը: Այդ ծէսը կ’աւարտէ խորհրդանշական վայրկեանին` 19:15-ին, եւ Մայր Աթոռի ու աշխարհի մէջ սփռուած բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ միաժամանակ կը հնչեցուի տագնապի 100 զանգերը, որմէ ետք կ’ազդարարուի լռութեան վայրկեան: Ատոր կը հետեւի տէրունական աղօթքի ընթերցումը եւ Սուրբ-Սուրբ երգի կատարումը աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ, տարբեր երգչախումբերու կողմէ: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ Աւստարլիոյ ժողովուրդը` աւստրալահայութեան հետ նոյնպէս կը միանան այդ արարողութիւններուն: Նախարարը հանդիպման բոլոր մասնակիցներուն անմոռուկներու հետ միասին նուիրեց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» ալպոմը` պատմելով այդ յուշարձաններու ստեղծման եւ ատոնց խորհուրդին մասին:
Հանդիպումներէն ետք Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ներկայ էր երկրի ամբողջ կառավարութիւնը` վարչապետի գլխաւորութեամբ: ՀՀ սփիւռքի նախարարի ներկայութիւնը կը համընկնէր Կառավարութեան հարցեր ուղղելու օրուան հետ:
Խորհրդարանի ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Պրոնուին Պիշոփ ողջունեց նախարարը` իբրեւ ՀՀ նախագահի յատուկ բանագնացի ու սփիւռքի նախարարի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նիստին ներկայ գտնուելուն համար:
Բոլոր այն պատգամաւորները, որոնց Հրանոյշ Յակոբեան անմոռուկ նուիրած էր` խորհրդարանի նիստին ներկայացած էին անմոռուկներով:
Հանդիպումներուն ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին կ’ուղեկցէր Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան: