Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համաժողով Պելճիգայի մէջ
Մարտ 17-ին Պելճիգայի Լիէժ քաղաքի համալսարանին մէջ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան ղեկավար Լուսինէ Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համաժողով: Ներկայ եղած են Պելճիգայի մէջ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչներ Արման Իսրայէլեան եւ Մեսրոպ Շաբոյեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեշնորհ Տէր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան, հայ համայնքի անդամներ, պելճիգացի հիւրեր եւ արամեացիներ:
Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ Լիւուէնի կաթոլիկ համալսարանի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու եւ արեւելքի պատմութեան դոկտոր, քաղաքակրթութեան, արուեստի եւ նամակներու գիտահետազօտական հիմնարկի նախագահ, փրոֆէսոր Պեռնաղ Քուլը:․ Վերջինս խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոնցմէ բխող հետեւանքներուն մասին․ներկայացուց որոշ փաստեր, քարտէզներ եւ նկարներ:
Ելոյթէն ետք տրուեցան բազմաթիւ հարցեր տարբեր ազգի ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնց փրոֆէսորը լիարժէք պատասխանեց: Այնուհետեւ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնեցին փրոֆէսոր Քուլին եւ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի` փոքրիկ յուշանուէր յանձնեցին: