Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ. Հետզհետէ Կը Շեշտուին Եւ Կը Բացայայտուին Հայանպաստ Կեցուածքները

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հետզհետէ կը շեշտուին եւ կը բացայայտուին 1915-ի ցեղասպանութեան գծով թրքական դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Այս իմաստով լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու խմբակներ յատուկ այս առիթով այցելութեան ձեռնարկած են Հայաստան եւ Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ արձագանգելու 100-ամեակի պատմական ժամկէտին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ, կիրակի, յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով յատուկ հաղորդում սփռեց Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի Հանրապետութեան մասին: Անոր լրագրողներէն` Էտմոն Սեսինի հարցումներուն պատասխանելով Արցախի ազատամարտին ու այժմու իրավիճակին մասին յայտարարութիւններ կատարեցին Արցախի թեմի առաջնորդն ու պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Նմանապէս` արցախցի հայրենակիցներ իրենց բնօրրանին կառչած մնալու հաստատակամութիւնը արտայայտեցին:

Նոյն ծիրին մէջ լիբանանցի մեկնաբաններ թէ քաղաքական կողմեր որեւէ առիթով թէ վերլուծական զրոյցի պահուն կը մէջբերեն շրջանին մէջ Թուրքիոյ կատարած ոտնձգութիւններն ու դաւադիր քաղաքականութիւնը, որոնց նորագոյն օրինակն էր երէկ, երբ լիբանանցի քաղաքական մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած իր զրոյցին ընթացքին վերահաստատեց Թուրքիոյ դաւադիր քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ, ուր ան նեցուկ կը կանգնի հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբակներուն` վերյիշեցնելով 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը թուրքերուն կողմէ:

Նմանապէս, վերջերս Էշրեֆիէի «Ա.Պէ.Սէ.»-ի համալիրին մէջ պատահած միջադէպին գծով բազմաթիւ կողմեր (ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանք, Մուրապիթուն)  դատապարտեցին թրքական դեսպանատան պաշտօնեաներու բիրտ կեցուածքը  եւ յիշեցուցին Թուրքիոյ ուղղակի պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գծով:

Այս մասին յայտնած է Ազդակ:

Scroll Up