Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ժողովրդական ժողովի նախագահին` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ նիստ գումարելուն համար

Մարտ 21-ին Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի նախագահ, դոկտոր Մոհամմատ Ճիհատ Ալ-Լահամ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեանը, այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Դեսպան Փոլատեան Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի նախագահին փոխանցեց ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի շնորհակալական նամակը` Մարտ 17-ին Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ նիստ գումարելուն, այդ ծանր յանցագործութիւնը դատապարտելու եւ հայ ժողովուրդին համերաշխութիւն յայտնելու վերաբերեալ:

Նամակին մէջ ՀՀ ԱԺ խօսնակը առանձնակի երախտագիտութիւն  յայտնած է «Սուրիոյ ժողովուրդին, որն իր դռները բացաւ եւ ապաստան տուաւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ գաղթականներուն: Սուրիոյ ժողովուրդի եւ անոր առաջնորդներու մարդասիրական վերաբերմունքը մշտապէս կը յիշուի եւ բարձր կը գնահատուի հայ ժողովուրդին կողմէն»,- ըսուած է ՀՀ ԱԺ նախագահի նամակին մէջ:

Զրոյցին ընթացքին Մոհամմատ Ճիհատ Ալ-Լահամ հերթական անգամ անդրադարձ կատարեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած եղեռնագործութեան` միաժամանակ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղելով անյապաղ դատապարտել մարդկութեան դէմ իրականացուած անասելի ծանր այդ յանցագործութիւնը: Իր հերթին Դեսպան Փոլատեան զրուցակիցին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ծիրին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները:

Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային արդի խնդիրներ:

Scroll Up