Վիգէն Սարգսեան մանրամասներ ներկայացուցած է Ապրիլ 22-24 կայանալիք ձեռնարկներուն վերաբերեալ

ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեան Հանրային հեռուստատեսութեան «Հարցազրոյց» հաղորդման ժամանակ մանրամասներ  ներկայացուցած է  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  ծիրէն ներս  յառաջիկային կազմակերպուող ձեռնարկներուն վերաբերեալ:

Ապրիլ 22-23-ին կ’իրականացուի «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ժողովը, որ կ’ունենայ շուրջ 500 մասնակից ողջ աշխարհէն` քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր գործիչներ, լրագրողներ, կեդրոնական լրատուամիջոցներու խմբագիրներ: Ըստ Վիգէն Սարգսեանի` շատ տպաւորիչ կազմ` պիտի ըլլայ  միջազգային կառոյցներու, պետութիւններու ներկայացուցիչներ: Ժողովը հարթակ պիտի հանդիսանայ` խօսելու ոչ միայն եւ ոչ այնքան Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ ցեղասպանութիւններու մասին առհասարակ:

 Ապրիլ 23-ին տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը: Այդ օրը Սուրբ Էջմիածինի մէջ բաց խորանի առջեւ տեղի կ’ունենայ սրբադասման արարողութիւնը, ուղիղ հեռարձակմամբ կապ կը հաստատուի աշխարհի խորոշագոյն հայկական եկեղեցիներու հետ, ուր եւս հաւաքուած կ’ըլլան հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները: Այդ ծէսը կ’աւարտէ խորհրդանշական վայրկեանին` 19:15-ին, եւ Մայր Աթոռին ու աշխարհի մէջ սփռուած բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ միաժամանակ կը հնչեցուի գուժկանը` եկեղեցական տագնապի 100 զանգերը միաժամանակ կը խորհրդանշեն 100-րդ տարելիցը, որմէ ետք կ’ազդարարուի լռութեան վայրկեան: Վիգէն Սարգսեանի տեղեկացմամբ` աշխարհի բազմաթիւ ոչ հայկական եկեղեցիներ եւս որոշած են միանալու այդ արարողութեան: Ատոր կը հետեւի տէրունական աղօթքի ընթերցումը եւ Սուրբ-սուրբ երգի կատարումը աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ, տարբեր երգչախումբերու կողմէ:

Մէկ ժամ անց` 20.30-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենայ «SOAD» ռոք խումբի համերգը, որ բաց է հանրութեան համար: Վիգէն Սարգսեան յիշեցուցած է, որ խումբի անդամները երկար տարիներ միասնական համերգներ չէին տուած, սակայն Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին անոնք հաւաքուեցան համաշխարհային շրջագայութեան համար: «Ընդ որում, նրանք ամբողջը կազմակերպում են ինքնուրոյն, պետական յանձնաժողովր գումար չի յատկացնում: Ամբողջ համերգաշարը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի ոգեկոչմանը»,- նշած է Վ. Սարգսեան:

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան արտասահմանեան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի կ’ունենայ Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութիւնը: Այնուհետեւ տեղի կ’ունենայ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորացուած ցուցադրութեան հանդիսաւոր վերաբացումը: Ընդ որում, ինչպէս նշեց Սարգսեան, առանց ճարտարապետական յօրինուածքը փոխելու, թանգարանի ցուցադրական ու հետազօտական տարածքը մեծցած է երեք անգամ: «Յատուկ ուզում եմ շեշտել, որ ինչպէս եւ Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի դէպքում, Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի վերազինումը եւս արուել է առանց պետական միջոցների ներգրաւման` մասնաւոր նուիրատուութիւններով եւ Փիւնիկ հիմնադրամի աջակցութեամբ»:

Ապրիլ 24-ի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենայ Հաւաքական սիմֆոնիկ նուագախումբի համերգը: Այդ համերգին կը մասնակցին գրեթէ 70 երկրէ ժամանող 140 երաժիշտներ: Անոնք հիմնականին մէջ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդին ձեռք մեկնած, Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներէ ժամանած երաժիշտներ են: Նուագախումբը կը կատարէ վերջին 100 տարուան հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները: Այնտեղ կ’ըլլան պաշտօնական հրաւիրեալներ, իսկ համերգը բաց կ’ըլլայ հանրութեան համար: Այն կը կայանայ վերածնունդի գաղափարի ներքոյ եւ այդ խորհուրդով ալ կը սկսի 20:15-ին:

 Վիգէն Սարգսեան ըսած է, որ բազմաթիւ ձեռնարկներ կ’ըլլան նաեւ յետագային: Այսպէս, Յունիսին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան` 2 տարին մէկ իրականացուող հերթական համաժողովը, որուն արդէն 300-է աւելի մասնակից  գրանցուած է:

 Պատասխանելով յիշատակի ձեռնարկներուն հրաւիրուածներու մասին հարցին` Վիգէն Սարգսեան յայտնած է, որ հրաւիրուած են այն պետութիւններու պատուիրակութիւնները, որոնց հետ ունինք Ցեղասպանութեան հետ կապուած ընդհանուր պատմութիւն, կամ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ շատ տպաւորիչ արձագանքներ  ստացուած են: «Մենք չենք հրապարակում պատուիրակութիւնների ղեկավարների անունները` ելնելով դիւանագիտական արարողակարգի նրբութիւններից: Դա սովորաբար թողնւում է ժամանող հիւրի հայեցողութեանը, թէ երբ եւ ինչպէս հրապարակել այդ մասին տեղեկութիւնը: Գիտէք, որ արդէն եղել են հրապարակումներ, բայց պէտք է ասեմ, որ ընդհանուր առմամբ բաւականին տպաւորիչ կազմ է լինելու: Մեզ համար կարեւոր է, որ այստեղ լինեն մեր ձայնը լսող ու այն լսելի դարձնող մեր գործընկերները, ովքեր հասկանում են, թէ ինչու է Ցեղասպանութեան տարելիցը այդքան կարեւոր ՀՀ եւ հայ ժողովրդի համար»,- ընդգծած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պաշտօնեան:

 

Scroll Up