ՀՀ սփիւռքի նախարարի հանդիպումները Սիտնէյի մէջ

Մարտ 19-ին աշխատանքային այցով Աւստրալիա մեկնած սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ուրբաթ Մարտ 20-ին, Համազգայինի կեդրոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Սիտնէյի հայ համայնքի բորոլ միութիւններու, կուսակցութիւններու, առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ: Կողմերը քննարկած են հայապահպպանութեան, համայնքին վերաբերող խնդիրները եւ անդրադարձած ցեղասպաննութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն։

Շաբաթ Մարտ 21-ի վաղ առաւօտեան, Ալեքսանդր ամենօրեայ վարժարանի մէջ, նախարարը մասնակցած է <Արևագալի> արարողութեան, զոր կատարած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեան։

Ապա նախարարը այցելած է Համազգայինի Գոլստեն վարժարան, ուր հանդիպած է համայնքի բոլոր ամենօրեայ եւ մէկօրեայ դպրոցներու տնօրէններուն եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներուն հետ:

Քննարկուած են դպրոցներու խնդիրները՝ հայոց լեզուի, արեւմտահայերէնի, դասագիրքերու եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցերը:

Նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ <Արարատ> եւ <Նայիրի> միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան վարժարան։ Երեկոյեան նախարարը ներկայ գտնուած է կատակերգակ դերասան Աբօ Մանճիկեանի ներկայացման: Նախարարը զինք հրաւիրած ելոյթով հանդէս գալու Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:

Scroll Up