Անմեղ նահատակուած հոգիներն իրենց չապրած գարուններու հատուցումն ու արդար վճիռը կը պահանջեն

Եղեռնազոհ հայ մտաւորականներու յիշատակին

 

Siamanto_(1878-1915)

Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան) – արեւմտահայ ականաւոր բանաստեղծ, գրական ու հասարակական անուանի գործիչ, 1894-96թթ. հայկական ջարդերու արձագանքի կոչնակ, ՙԳաղափարի բանաստեղծ՚ 1915-ին դարձաւ թուրք ենիչերիներու զոհ:

Ruben Sevak

Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան) – բանաստեղծ, արձակագիր, բժիշկ Սեւակ կը ձերբակալուի 1915-ին եւ աքսորի ճանապարհին կը նահատակուի Վարուժանի, Սիամանթոյի եւ այլ մտաւորականներու հետ:

tlgadintsi-2-f-3aa5c0f

Յովհաննէս Թլկատինցի (Յարութիւնեան) – արեւմտահայ գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, արեւմտահայ գիւղի անցեալի վերծանողն ու արեւմտահայ գիւղացիի ողբերգութիւնը խորապէս նկարագրող Թլկատինցին 1915թ. Եղեռնին զոհ գացած մտաւորականներէն մէկն էր:

Դանիել Վարուժան

Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան) – ընդամէնը 31-ը նոր բոլորած դիւցազներգակ, Չարենցի բառերով` «Արծաթէ ափսէի վրայ բոցավառ  սիրտ մը տանող» բանաստեղծը 1915թ.-ին դարձաւ թուրք բարբարոսներու զոհերէն մէկը:

Գրիգոր Զոհրապ

Գրիգոր Զոհրապ – ժամանակի ազգային, հասարակական ու մշակութային կեանքի, պոլսահայ մտաւորականութեան վառ դէմքերէն մէկը, ճանչցուած իրաւաբան-փաստաբան, ճարտարապետ, քաղաքական գործիչ, գրող կը ձերբակալուի 1915թ. ապրիլեան օրերուն, այնուհետեւ թուրք բարբարոսներու ձեռքով գազանաբար կը սպաննուի աքսորի ճանապարհին:

Ռուբեն Զարդարյան

Ռուբէն Զարդարեան – արեւմտահայ գրող, հրատարակիչ, հասարակական-քաղաքական եռանդուն գործիչ 1915թ. աղէտալի Ապրիլին կը ձերբակալուի Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի եւ այլոց հետ ու կը զոհուի աքսորի ճանապարհին: Անոր զոհուելու ճշգրիտ վայրը եւ հանգամանքները մինչ այժմ  յայտնի չեն:

Երուխան

Երուխան (Երուանդ Սրմաքեշխլեան) – արեւմտահայ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ, մանկավարժ, «Գաղթական աշուղ» ծածկանունով այս գրողը 1894-96 հայկական կոտորածներու օրերուն կը տեղափոխուի Պուլկարիայէն, սակայն տարագրութենէն ետք կը դառնայ Եղեռնի զոհերէն մէկը:

… Ասոնք ընդամէնը կարճառօտ տեղեկութիւններ են Հայոց եղեռնազոհ հայ գրողներու, մտաւորականներու աստղաբոյլի  մաս մը, որուն անզուգական ցոլքը աշխարհի երկրային ու երկնային զարդն էր եւ` է…

…Հայ զինուորներուն ոչնչացնելէ ետք  երիտթուրքերը հաշուեյարդար տեսան հայ ականաւոր գործիչներուն հետ, ներառեալ` Մէճլիսի պատգամաւորներուն ու հայ մտաւորականութեան խոշորագոյն ներկայացուցիչներուն հետ: Միայն Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ Ապրիլ 24-ին` լոյս 25-ի գիշերը ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 235 անուանի հայ մտաւորականներու, գրողներու, իսկ յաջորդ  քանի մը օրուան ընթացքին` եւս  քանի մը հարիւր մարդու: Անոնք բոլորը` շուրջ 600 հոգի, գազանաբար սպաննուեցան աքսորի ճանապարհին` իրենց նշանակուած վայրը` Անկորա, Քոնեա եւ Տիարպեքիր չհասած: Լեպսուսի վկայութեամբ միայն 8 հոգի յաջողեցան փրկուիլ մահէ: Նոյն ճակատագիրին արժանացաւ հայ մտաւորականութիւնը երկրի այլ քաղաքներու մէջ: Ձերբակալուածներու եւ աքսորուածներու մէջ էին անուանի հայ գրողներ, արուեստագէտներ, բժիշկներ, մանկավարժներ, նկարիչներ: Այս արիւնոտ չարագործութիւններու կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան, փորձելով արդարացնել ինքզինքը, իր յուշերուն մէջ կը պնդէր, որ Սթամպուլի մէջ ձերբակալուած հայերը իբր թէ ինքնագլուխ «գնդակահարուած են ոստիկաններու կողմէ, որոնք անոնց պէտք է հասցնէին Անկորա` ռազմադաշտային դատարանին յանձնելու համար»: Մինչդեռ, գերմանական դեսպանութեան հարցումին Թալէաթի տրուած պատասխանէն պարզորոշ կ’երեւէր, որ հայ գրողներն ու յայտնի գործիչները ոչնչացուեցան հէնց թրքական կառավարութեան հրամանին համաձայն: Ակներեւ է, որ քաղաքներէն մտաւորականութեան արտաքսումը եւ սպանութիւնը  քօղ մըն էր, որով պէտք է հեշտանար հայ ժողովուրդի նկատմամբ երիտթուրքերու ծրագրած գազանային հաշուեյարդարը: Սթամպուլի զոհուած հայ գործիչներու մէջ էր ականաւոր գրող, հրապարակախօս, իրաւաբան ու հասարակական գործիչ Գրիգոր Զոհրապ: Արաբական ազգային-ազատագրական շարժման գործիչներէն մէկը` Շէյխ Ֆաիզ-Էլ-Ղուսէյն Զոհրապի մասին գրած է հետեւեալը. «Ամբողջ աշխարհ գիտէ այն մասին, թէ ով էր Կոնստանդնուպոլսոյ հայ պատգամաւորը: Ան կը փայլէր իբրեւ հռետոր, իր գիտելիքներով ու իմաստութեամբ: Ան բարձր կրթութեան տէր մարդ էր, իրաւունքի հարցերու գիտակ եւ որեւէ բանի առջեւ կանգ չէր առներ, երբ խօսքը կ’երթար ազգային շահերու պաշտպանութեան մասին»: Արեւմտահայ ժողովուրդի ամենառաջաւոր ու լուսաւոր գործիչներու ոչնչացումով թուրք իշխանութիւններն իրենց համար դիւրացուցին հայերու բնաջնջման հրէշաւոր ծրագիրը:

…100 տարուան լռութիւնը սակայն կ’աղաղակէ, 100 չապրուած գարունները ձիւն կը մաղեն, 100 տարուան վէրքերը չեն սպիանար, քանի դեռ չկայ Հայոց ցեղասպանութեան աշխարհասփիւռ ճանաչումը, մարդկութեան, Հայութեան դէմ կատարուած աննախադէպ մեծ ոճիրի դատապարտումը, քանի դեռ չկայ Հատուցումը… 2 միլիոն անմեղ նահատակուած հոգիներն իրենց չապրած գարուններու հատուցումն ու արդար վճիռը կը պահանջեն:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up