Վերականգնելի Վնասները Պէտք է Վերականգնուին, Չվերականգնուող Վնասները` Հատուցուին. Հրանոյշ Յակոբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/photo.jpg)
Մարտ 18-20-ը Երեւանի մէջ տեղի կ��?ունենայ «Արարատի ստորոտին» 5-րդ միջազգային եռօրեայ լրատուական համաժողովը, որ կ’ընթանայ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով եւ չորս հիմնարար սկզբունքներով՝ Յիշողութիւն, Երախտագիտութիւն, Միջազգային ճանաչում, Վերածնունդ:
Մարտ 18-ին համաժողովին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: «Հայկական սփիւռք՝ հայրենազրկումէն մինչեւ Համահայկական հռչակագիր» խորագիրով զեկուցման մէջ նախարարը պարզաբանեց «Սփիւռք» բառի ընդգրկումներու շրջանակը, աւելի հանգամանօրէն կանգ առնելով հայկական սփիւռքի ձեւաւորման պատճառներու եւ հիմնական փուլերու պատմութեան վրայ, խօսեցաւ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակի, Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան, հայ ժողովուրդի վերածնունդի եւ կենսունակութեան մասին: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքը։
Ըստ նախարարի՝ այսօր աշխարհի մէջ կը հաշուարկուին 7 միլիոնէ աւելի հայեր, ովքեր կ’ապրին Հայաստանէն դուրս: Սփիւռքի մէջ կը գործեն 30 հազարէ աւելի հայկական կազմակերպութիւններ, 500-է աւելի դպրոցներ, 3 կուսակցութիւններ, որոնք մասնաճիւղեր ունեն 30-է աւելի երկրներու մէջ, եկեղեցական հզօր ցանց, մշակութային ու մարզական կեդրոններ:
Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայերու մասին խօսելով` նախարարը նշեց, որ այնտեղ կ’ապրին մօտաւորապէս 3 միլիոն հայ, որոնցմէ շատերը ստիպուած են թաքցնելու իրենց ինքնութիւնը: «Ձեւաւորուել է երկկենցաղ հայը, ով մինչեւ 18:00-ն ապրում է որպէս թուրք, իսկ դրանից յետոյ դառնում է հայ` ապրելով իր ընտանիքում», – ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը համաժողովի ընթացքին մասնակիցներուն կոչ ըրաւ ուշադրութիւն դարձնել ու անդադառնալ այնպիսի հարցերու, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքն են:
«Կը խնդրէի ուշադրութիւն դարձնէք, որ եւրոպական տարածաշրջանում միակ փակ սահմանն ունի Հայաստանը, քանի որ Թուրքիան շրջափակման մէջ է պահում մեր երկիրը` հասցնելով միլիառների վնաս: Ցեղասպանութեան հետեւանքները շարունակւում են սփիւռքում, որովհետեւ ցանկացած սփիւռքահայ ֆինանսական ու հոգեւոր ահռելի միջոցներ է ծախսում, որպէսզի հասնի արդարութեան, եւ ով է «հաշուել» այդ տառապանքը: թուրքիան ակնյայտօրէն կեղծում է իր եւ համաշխարհային պատմութիւնը, որով պէտք է լրջօրէն զբաղուել»,-ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան:
Անոր խօսքով` Թուրքիան, անցեալին մնալով անպատիժ, այժմ ալ կը շարունակէ իր յանցագործ քաղաքականութիւնը: Դիմելով տարբեր երկրներէ ժամանած լրագրողներուն՝ նախարարը ըսաւ. «Կը ցանկանայի, որ Հայոց ցեղասպանութեան դասերը ճիշտ ներկայացնէք աշխարհին, որպէսզի ոչ մէկն անպատիժ չմնայ: Վերականգնելի վնասը պէտք է վերականգնուի, չվերականգնելի վնասը` հատուցուի: Այն թուրքերին, ովքեր ժխտում են Հայոց ցեղասպանութիւնը, հարց ուղղէք` ի՞նչ եղան 2.5 միլիոն մարդիկ, ովքեր ապրում էին այնտեղ: Հարցրէք` ինչու՞ էր Տէր Զօրի անապատը պատուած մարդկային անթաղ ոսկորներով: Ինչու՞ աշխարհասփիւռ եղաւ ողջ հայ ժողովուրդը, ինչու՞ ստեղծուեցին այդքան որբանոցներ ու ծերանոցներ, ինչու՞ այդ օրերի դեսպանները սարսափահար նամակներին գրեցին իրենց ղեկավարներին»: Նախարարը իր ելոյթը աւարտեց այն մտքով, որ հայութիւնը պիտի պայքարի, որպէսզի աշխարհի մէջ այլեւս երբեք չկրկնուին ցեղասպանութիւնները: Համայն հայութիւնը պիտի չլռէ եւ պիտի շարունակէ իր պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման համար: Պիտի չլռէ, քանի որ խոշտանգուած նախնիներու մասին յիշողութիւնները հանգիստ չեն տար սերունդներուն»- եզրափակեց իր խօսքը նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: