ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Հանդիպումները Պէյրութի Մէջ

Պաշտօնական այցով Պէյրութ կը գտնուի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,  ուր կը շարունակուին նախարարի հանդիպումները` նախատեսուած է հանդիպում Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս-պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան նախագահ, վերապատուելի Մկրտիչ Գարաէօզեանի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարածաշրջանային յանձնաժողովներու եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներու եւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու հետ:

ՀՀ դեսպանութեան մէջ նախարարը ներկայ պիտի գտնուի երախտագիտութեան երեկոյին, որուն հրաւիրուած են Լիբանանի մէջ այլ երկիրներու դեսպաններ, Լիբանանի կառավարութեան ու խորհրդարանի պաշտօնեաներ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախարար  Հրանոյշ Յակոբեան պիտի մասնակցի եւ գնահատանքի խօսք ըսէ Պէյրութի «Ծաղիկ» գրական հանդէսի կազմակերպած Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին,  ան պիտի ունենայ շարք մը  այլ հանդիպումներ եւ ընդունելութիւններ:

Հրանոյշ Յակոբեանը պիտի ընդունի Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրին:

Լիբանանեան այցի աւարտին ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ  ասուլիս:

Scroll Up