Պուէնոս Այրէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ ընդունած է

Պուէնոս Այրէսի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է բանաձեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին մասին, ուր կը  շեշտուի, որ նախորդ դարասկիզբին մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

PrensaArmenia.com.ar-ի փոխանցմամբ` բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ Ապրիլ 24-ը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է: Քաղաքային խորհուրդի ընդունած բանաձեւին մէջ նաեւ կ’ըսուի, որ խորհուրդը կ’աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն` ի նշան համերաշխութեան եւ յարգանքի Ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ անոնց սերունդներուն:

«Այդ ձեռնարկները ոչ միայն յիշատակի արարողութիւններ են, այլեւ ատոնցմով պէտք է յարգուին անոնց սերունդներն ու պէտք է դատապարտուի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը: Պատմական արդարութիւնը վեր հանուի»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ:

« Տարիներ շարունակ Պուէնոս Այրէսի քաղաքային խորհուրդն իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ եւ այդ հարցի առնչութեամբ մշտապէս կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին»,- յայտարարած է ՀՅԴ Հայ դատի Հարաւային ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Քարոլինա Գարակէոզեան:

Artsakhpress.am

Scroll Up