Պուէնոս Այրէսի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին առանձին տաղաւար պիտի յատկացուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին

Արժանթինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան չորս ուղղութեամբ` քաղաքական, մշակութային, ակադեմական եւ կրօնական:
Պուէնոս Այրէսի Սան Անտրէսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆէսոր Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին քաղաքական ձեռնարկներէն յատկապէս կարեւոր կը համարէ Ապրիլ 28-ին Պուէնոս Այրէսի Լունա Փարք սրահին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած
քաղաքական ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին երկրի քաղաքական եւ հասարակական դէմքերը:
«Բնականաբար, քննարկման ներկայ պիտի գտնուին Արժանթինի կառավարութեան ամենաբարձր դէմքերը: Ապրիլ 28-ին, աւանդոյթի համաձայն, Արժանթինի հայ համայնքը միասնաբար պիտի մասնակցի բողոքի եւ պահանջատիրութեան ցոյցին, որ պիտի շարժի դէպի Պունէոս Այրէսի մէջ գործող թրքական դեսպանատուն»,- ըսաւ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան` աւելցնելով, որ իրականացուելիք մշակութային ձեռնարկները նոյնպէս կարեւոր նշանակութիւն ունին:
«Ապրիլ 25-ին կը կայանայ երկրի խոշորագոյն ձեռնարկներէն մէկը, որ այս տարի շատ կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ Հայաստանի համար: Կը մեկնարկէ Պուէնոս Այրէսի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը, ուր առանձին տաղաւար պիտի յատկացուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Հայ համայնքը լուրջ պատրաստութիւն կը տեսնէ այդ ձեռնարկին լաւագոյն ձեւով ներկայանալու համար»,- կը նշէ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան` աւելցնելով, որ մայրաքաղաքի կեդրոնական պողոտային մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ բացօթեայ դասական համերգ:
Պուէնոս Այրէսի Տաճարին մէջ Արժանթինի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ մոնսենիոր Մարիօ Փոլիի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդ Տէր Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանի առաջնորդութեամբ պիտի մատուցուի պատարագ, իսկ Ապրիլ 24-ին Պուենոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան պատարագ:
Արժանթինահայերու հսկայական պատուիրակութիւն մը Ապրիլ 12-ին ներկայ պիտի գտնուի Վատիկանի մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի նախագահութեամբ հանդիսաւոր պատարագին:
Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու` արժանթինահայերը ողջ տարուան ընթացքին անվճար արիւնատուութեան նախաձեռնութիւններ կ’իրականացնեն` այդ կերպ փորձելով յանուն անմեղ նահատակներու կեանքեր փրկել:
Բացի այդ, աշնան Արժանթինի մէջ պիտի կայանան շարք մը միջազգային գիտաժողովներ, յիշատակի արարողութիւններ նաեւ Քորդոպա եւ Ռոսարիօ քաղաքներուն մէջ: Այդ ձեռնարկներուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Արժանթինի պետական այրեր: Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան կը հաւաստիացնէ, որ Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ Արժանթինը կ’ունենայ պետական պատուիրակութիւն, սակայն, դեռեւս յստակ չէ, թէ ով կու գայ Երեւան:
Յիշատակի եւ ոգեկոչման նախաձեռնութիւններէն զատ Արժանթինի հայ համայնքի համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը նաեւ մարտահրաւէրներ կը պարունակէ:
Ըստ Տէր-Ղուկասեանի, այդ մարտահրաւէրները կ’ընթանան երեք ուղղութեամբ: «Առաջին հերթին պէտք է դիմագրաւել թուրք-ատրպէյճանական ժխտողականութեան յարձակողական ալիքը, որ արդէն կը հասնի Արժանթին: Երկու երկիրներու դեսպանատուները նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպեն, պաշտօնական
այցելութիւններու, թուրք-արժանթինական բարեկամական կազմակերպութեան անուղղակի ջանքերու միջոցով: Այդ յարաբերութիւններու ջերմացման հարցին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին կիւլենականները, որոնք ամէն տեսակի քարոզչութիւն կ’իրականացնեն, ընդհուպ հեռուստատեսային սերիալներու միջոցով թրքական գաղափարներու տարածում Արժանթինի մէջ»,- կ’ընդգծէ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան: Վերջին շրջանին մեծ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ Ատրպէյճանի դեսպանատունը Արժանթինի մէջ Խոճալուի ողբերգութիւնը իբրեւ
«ցեղասպանութիւն» ներկայացնելու համար: Այս հարցի առնչութեամբ հայ համայնքը աչալուրջ է: Արժանթինահայերու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է նաեւ հանգամանքը, որ այս տարի Արժանթինի մէջ ընտրութիւններ կան եւ հայ-արժանթինական յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան բոլոր թեկնածուներու եւ քաղաքական ուժերու օրակարգին մէջ: Օրակարգային է նաեւ նոր սերունդի դաստիարակութեան հարցը: Պահանջատիրութիւնը, որ տասնեակ տարիներ եղած է Արժանթինի հայ համայնքի օրակարգի գլխաւոր հարցը, պէտք է շարունակէ մնալ գերխնդիր նաեւ երիտասարդներուն համար:
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ