Սուրիոյ Բանակը Հասաքէի Մէջ Աւելի Քան 50 Գիւղեր Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Syrian-army.jpg)
Սուրիոյ բանակը Հասաքէի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ հրետանիով բուռն կերպով ռմբակոծում կատարելէ, բուռն բախումներէ եւ ցամաքային ուժերու գործողութենէ մը ետք` իր վերահսկողութեան տակ առաւ 33 գիւղեր, ներառեալ` Հասաքէ քաղաքէն 38 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Սուլթանիյէն:
Սուրիոյ բանակը մէկ օր առաջ յաջողած է Գամիշլիի հարաւային եւ հարաւարեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ 21 գիւղեր առնել իր վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ Հասաքէի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ 7 գիւղեր:
Այսպիսով, սուրիական բանակը առաջինը Գամիշլի-Պրաք եւ Թել Պրաք գիւղի հիւսիսային շրջանին ճամբով պաշարման ենթարկած է Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թել Պրաք գիւղը: