Յովիկ Աբրահամեան արձագանքած է հալէպահայերու`երեխաներն ու դպրոցականները պատերազմական գօտիէն դուրս բերելու կոչին

ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է ընդունելու եւ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուող երեխաներուն եւ դպրոցականներուն համար, այս մասին Tert.am -ին փոխանցեցին կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:

«Կառավարութիւնը պատրաստ է պատշաճ ձեւով ընդունելու եւ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուող երեխաներուն եւ դպրոցականներուն համար»,- փոխանցեցին կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն Սուրիայէն տագնապալից լուրեր կը հասնին Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիա թաղամասին մէջ իսլամիստ զինեալներու կողմէ իրականացուող հրթիռակոծութեան մասին, որուն հետեւանքով նաեւ հայեր տուժած են: Սուրիոյ մէջ բնակող հայերէն շատերը տարբեր ընկերային ցանցերու մէջ կոչեր  հնչեցուցած են հայ երեխաները պատերազմական գօտիէն դուրս բերելու մասին:

Scroll Up