ՀՀ ԱԳ Նախարարը Դամասկոսի մէջ հանդիպած է Սուրիոյ նախագահին հետ

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Մայիս 27-ին Դամասկոսի մէջ հանդիպած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատի հետ, որմէ ետք մեկնարկած է Սուրիոյ եւ ՀՀ ԱԳ նախարարներու մամլոյ ասուլիսը:
Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան փոխանցմամբ, կը գրէ Արցախփրէսը, ասուլիսի ընթացքին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ նշած է, որ ՀՀ ԱԳ նախարարը արդիւնաւէտ եւ կառուցողական քննարկումներ ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատի հետ: «Բացի այդ քննարկումներ ենք ունեցել Արտաքին գործերի նախարարութիւնում տարբեր հարցերի եւ երկու բարեկամ երկրների միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնների շուրջ»,- նշած է նախարարը:
Մուալլէմ նաեւ ըսած է, որ իրենք նոյնանման տեսակէտներ արտայայտած են քննարկուած հարցերու, երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ: «Եթէ միջազգային հանրութիւնը պատժէր ոճրագործները, որոնք նախորդ դարուն իրականացուցած են յանցագործութիւններ հայերու հանդէպ, այսօր Թուրքիոյ մէջ անոնց ժառանգները չէին համարձակիր յանցագործութիւններ իրականացնել իրենց գործիքներու միջոցով Սուրիոյ մէջ»,- նշած է ԱլՄուալլէմ:
Իր հերթին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ շարունակուող բախումներուն վերաբերեալ: