ԼՂՀ Վարչապետի Այցը՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարան. Լուսանկարներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/lgh1.jpg)
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ Մարտ 1-ին, Քուէյթի Ազգային վարժարան այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ՝ տիար Արա Յարութիւնեան, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ գերապատիւ Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ տիար Ֆատէյ Չարչօղլեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնող «ԱՐԻ» ընկերութեան անդամներն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Բենիամին Պչաքճեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ գաղութիս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արտակ Քհն. Քէհեաեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներն ու վարժարանիս Հոգաբարձական կազմը:
Պատուարժան հիւրերը դիմաւորուեցան վարժարանիս տնօրէն՝ տիար Մանուկ Մանուկեանի կողմէ: Աշակերտութեան բուռն ծափողջոյններով անոնք մուտք գործեցին դպրոցի շրջափակը: Հայաստանի քայլերգի կատարումէն ետք, Նախակրթարանի աշակերտութիւնը գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով՝ ասմունքներով եւ հայրենաշունչ երգերով, ողջունեցին ներկաները:
Վարժարանիս տնօրէնը բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց յարգելի հիւրերուն: Ան շեշտը դրաւ հայ դպրոցի՝ յատկապէս Քուէյթի Ազգային վարժարանի հիմնական դերին, վեր առնելով սփիւռքի հայկական դպրոցի առաքելութիւնն ու անոր կատարած դերը՝ մայրենի լեզուի պահպանման աշխատանքին մէջ:
Սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ գերապատիւ՝ Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան: Ան Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութիւնը հայոց պետականութեան հենասիւնը համարեց: Հաստատեց, որ գաղութս իր եկեղեցիով եւ Ազգային վարժարանով միշտ զօրավիգ հանդիսացած է Հայաստանին եւ Արցախին, եւ իր զոհողութիւններով ու նուիրումներով պիտի շարունակէ իր այս առաքելութիւնը՝ յանուն հայրենիք կերտելու եւ ազգութիւն պահպանելու:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ՝ տիար Արա Յարութիւնեան: Ան իր զարմանքը, յուզմունքն ու անսահման ուրախութիւնը յայտնեց Ազգային վարժարանի աշակերտութեան ունեցած ելոյթներուն կապակցութեամբ: Գնահատեց Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը՝ հայապահպանման աշխատանքին մէջ իրենց ցուցաբերած անսահման զոհողութեան համար: Վարչապետը խոստացաւ յարաբերական սերտ կապեր ստեղծել Ազգային վարժարանի եւ Արցախի դպրոցներուն միջեւ, որպէսզի սփիւռքի հայ աշակերտը ծանօթանայ նաեւ հայրենիքի մէջ գտնուող իր հասակակիցներուն դպրոցական առօրեային: Ապա մաղթեց դպրոցին անխափան երթ եւ լաւագոյն յաջողութիւններ: Այցելութեան աւարտին հոգաբարձութիւնը հիւրերուն նուիրեց վարժարանին 50 ամեակին առիթով հրապարակուած յուշամատեան: