Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիտէն» Թանգարանին Մէջ Հայաստանին Վերաբերող Ցուցահանդէս Պիտի Բացուի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Nyu-york.jpg)
Աշխարհի ամենահեղինակաւոր մշակութային օճախներէն մէկուն մէջ` Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիտէն» թանգարանին մէջ 2017 թուականին հնարաւոր է Հայաստանին վերաբերող ցուցահանդէս կազմակերպուի:
Այս օրերուն մեր երկրին մէջ կը գտնուին թանգարանի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնք կը քննարկեն հնարաւոր ցուցահանդէսի կազմակերպման մանրամասները:
Մարտ 1-ին «Մեթրոփոլիտէն» թանգարանի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան պետ Կրիֆիտ Ման եւ նոյն վարչութեան բիւզանդական արուեստի համակարգող Հելէն Էւանսն այցելեցին Հայաստանի պատմութեան թանգարան, շրջեցան մշակութային օճախի տարածքով, դիտեցին առկայ ցուցանմուշները:
Շրջայցէն ետք «Մեթրոփոլիտէն» թանգարանի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան բիւզանդական արուեստի համակարգող Հելէն Էւանսը լրագրողներուն հետ զրոյցին նշեց, որ ամէն ինչ շատ հոյակապ էր, սակայն իրենք յատկապէս հետաքրքրուած են միջնադարեան Հայաստանով:«Մեր թանգարանին մէջ
ընդունուած է, որ ցուցահանդէսները 3-5 տարի առաջ կը քննարկուին, եւ կը դառնան որոշակի: Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն հայկական արուեստը ներկայացուած է շարք մը ցուցահանդէսներու մէջ: Հայկական նմուշները երեք տարբեր ցուցադրութիւններու մաս կազմած են»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` նշեց Հելէն Էւանս: Ան յոյս յայտնեց, որ 2017-ին «Մեթրոփոլիտէն»-ի մէջ պիտի իրականացուի Հայաստանին վերաբերող ցուցահանդէս:
Թանգարանի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան պետ Կրիֆիտ Ման խոստովանեցաւ, որ իրեն վրայ յատկապէս մեծ տպաւորութիւն թողած է այն պատմութիւնը, որ կը ներկայացուի առարկաներու միջոցով: «Կ’ուզեմ շնորհաւորել իմ գործընկերները: Ցուցահանդէսները շատ լաւ կազմակերպուած են եւ ցուցադրուած առարկաները հոյակապ են ու շատ եզակի ինքնութիւն ունին»,-նշեց ան:
Ի դէպ, նախորդ տարուընէ մինչեւ 2015 թուականի Յունուարը Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը մասնակցէր Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիտէն» թանգարանին մէջ բացուած «Ասորեստանէն մինչեւ Իպերիա. մայրցամաքներու քառուղիներով դասական դարաշրջանի արշալոյսին» միջազգային ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին 300 նմուշ: Իրադարձութեան կը մասնակցէին 14 երկրի թանգարաններ: Հայաստանի պատմութեան թանգարանը ցուցահանդէսին ներկայացուցած էր ուրարտական արուեստի ինը բացառիկ նմուշ, որոնք առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունէին ցուցադրութեան համար իբրեւ արժէքաւոր վկայութիւն` հաւաստելով հայկական մշակոյթի մշտական դերը եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը տարածաշրջանի` Ասորեստանի, Արեւմտեան Իրանի եւ խեթական պետութիւններու արուեստի եւ մշակոյթի ծիրէն ներս:
«Մեթրոփոլիտէն» թանգարանի ներկայացուցիչները նշեցին, որ ցուցահանդէսին մեծ թիւով այցելուներ մասնակցած են:
Միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան պետ Կրիֆիտ Ման վստահեցուց, որ հայկական ցուցանմուշները առաջնակարգ տեղ ունեցած են եւ ցուցադրութեան հիմնական կէտերէն` խարիսխներէն եղած են:
Հելէն Էւանսն աւելցուց, որ հայկական առարկաները յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են: «Իսկ «Էրմիթաժի» ղեկավար Միխայիլ Փեատրովսկին մեծ հետաքրքրութեամբ դիտած է հայկական ցուցանմուշները»,-աւելցուց ան:
Շրջայցէն յետոյ «Մեթրոփոլիտէն»-ի ներկայացուցիչները խորհրդակցութիւն ունեցան Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ, որպէսզի քննարկեն կազմակերպուելիք ցուցահանդէսի մտապատկերը եւ այն, թէ ինչ առարկաներ պիտի ներկայացուին: