Հարաւային Տաքոթան Կը Դառնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող 43-րդ Նահանգը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Legislature-Issues_Ross_2.jpg)
Հինգշաբթի, 26 Փետրուարին, Հարաւային Տաքոթայի Ներկայացուցիչներու տունը 51 թեր, 17 դէմ քուէով վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը՝ դառնալով Ամերիկայի 43-րդ նահանգը, որ ճանչցաւ մարդկութեան դէմ այս մեծ յանցագործութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:
28 հովանաւորներով ճամբայ ելած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ արդար լուծում տալու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, կը դատապարտէ ուրացումը եւ կը խրախուսէ Հարաւային Տաքոթայի դպրոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը: Բանաձյեւը նաեւ կ՛ակնարկէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան:
Բանաձեւը 2015-ը կը հռչակէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան տարի եւ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: