ՀՀ Վարչապետը Բարձր Գնահատած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Դերը Հայրենիք-Սփիւռք Կապերու Ամրապնդման Գործին ՄԷջ

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ շարունակուած է հանրապետական գործադիր մարմիններու` 2014 թուականի ընթացքին կատարուած հիմնական աշխատանքներու, ՀՀ կառավարութեան 2014 թ. գործունէութեան ձեռնարկներու ծրագիրի, գերակայ խնդիրներու կատարման եւ գնահատուած կատարողականներու հաշուետուութիւններու քննարկումը: Մասնաւորապէս, զեկոյցով հանդէս եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Ներկայացնելով Սփիւռքի նախարարութեան 2014թ. իրականացուած աշխատանքները, նախարարը նշած է, որ հաշուետու տարուան նախատեսուած երեք գերակայ խնդիրները կատարուած են: Մասնաւորապէս, ընդլայնուած են նախարարութեան ու համահայկական կառոյցներու համատեղ ծրագիրները, կազմակերպուած են հայապահպանութեան նուիրուած համաժողովներ, մրցանակաբաշխութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ եւ այլն:

Տեղի ունեցած են «Իմ Հայաստան» փառատօնը, «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական հինգերորդ համաժողովը, կազմակերպուած է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, որուն նախատեսուած 100-ի դիմաց ապահովուած է 222 սփիւռքահայու մասնակցութիւն` աշխարհի 22 երկրէ: Նախորդ տարուան ընթացքին կազմակերպուած են նաեւ Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման, սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու, Ազգային երգի ու պարի դասընթացներ:

Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը 2014 թուականին իրականացուած է 8 փուլով: Նախատեսուած մինչեւ 1000 մասնակիցի փոխարէն հիւրընկալուած է 1071 սփիւռքահայ երիտասարդ` աշխարհի 31 երկրէ: Առաջին անգամ ծրագիրին մասնակցած է Տիարպեքիրէն իսլամացած 50 հայերու խումբ մը:

Նախարարութեան յաջորդ գերակայութիւնը  եղած է արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած սուրիահայերու, այսօր արդէն նաեւ ուքրանահայերու եւ իրաքահայերու հետ աշխատանքներու համակարգումը: Նշուած է, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուի 12 հազարէ աւելի սուրիահայ. անոնց կը ցուցաբերուի անհրաժեշտ օժանդակութիւն` կացարանի, կրթութեան, առողջապահական եւ այլ հարցերով: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Ուքրանիոյ տարածաշրջաններէն եւ Իրաքէն սփիւռքահայերու` հայրենիք վերադարձը կազմակերպելու եւ անոնց սոցիալական տարբեր ծրագիրերու մէջ  ներգրաւելու ուղղութեամբ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համատեղ կը համակարգէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներն ու տարածաշրջանային յանձնախումբերու աշխատանքները: Մասնաւորապէս, աշխարհի 50-է աւելի երկրի մէջ գործող 61 յանձնախումբեր կը շարունակեն իրականացնել միջազգային ասպարէզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ուղղուած համակողմանի աշխատանքները` կազմակերպելով տարբեր համաժողովներ, կլոր-սեղան քննարկումներ, տեղի
հասարակական, քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներ, յիշատակի արարողութիւններ եւ այլն:

Ամփոփելով քննարկումը` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է նախարարութեան դերը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ, շեշտելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքները: Վարչապետը կարեւոր համարած է սփիւռքահայերու շրջանին մէջ հայոց լեզուի, գրականութեան ու մշակոյթի տարածումը: Կարեւոր նկատուած է նաեւ «Արի տուն», մանկավարժներու վերապատրաստման եւ միւս ծրագիրներու շարունակականութիւնը, սփիւռքի հայկական ուսումնական հաստատութիւնները դասագիրքերով ու հայ գրականութեամբ համալրելու աշխատանքները:

Scroll Up