ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցները Մայրենիի Օրուան Առիթով Օշական Եւ Մատենադարան Այցելեցին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող Մայրենիի օրուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախարարութեան աշխատակիցները` նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի ղեկավարութեամբ Փետրուար 21-ին այցելեցին Օշական եւ ծաղիկներ տեղադրեցին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեան, ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան, ՀՀ ԿԳՆ լեզուի պետական տեսչութեան պետ Սերկօ Երիցեան, լեզուաբաններ, ուսուցիչներ եւ այլք:

Եկեղեցւոյ կից դպրատան մէջ կայացաւ մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկի  գեղարուեստական մասը: Ողջունելով ներկաները` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս. Սրապիոնեան նշեց, որ 2015թ. մայրենիի օրուան տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ կը ստանայ անով, որ կ’իմաստաւորուին 100 տարուան հայապահպանութեան համար մեր ժողովուրդի ներդրած բոլոր ջանքերը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «100 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիայի ծրագրած եւ իրակնացրած ոճրագործութիւնը` ոչնչացնել հայ ժողովրդին ու նրա մշակոյթը, ձախողուեց, որովհետեւ հայրենազրկուած հայութեան միակ կռուանը, որ հրաշքով փրկուածները կարողացան տանել իրենց հետ, շատ զօրաւոր էր եւ դա մեր մայրենին էր: Այդ գիտակցութեամբ էր մեր մեծերից մէկը` ֆրանսիահայ գրող Շահան Շահնուրը ահազանգում. «Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, մեղայ,  մեղայ Արարատին»: Նրա տագնապը հիմնաւոր էր, քանի որ Պետրոսը դառնում էր Փիեռ, իսկ «Հայր մերը» հնչում էր ֆրանսերէն: Այսօր Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ նախարարութեան շնորհիւ մի ամբողջ շարժում է սկսուել` յանուն Մայրենիի պահպանութեան եւ յարատեւման` Խօսի՛ր հայերէն, աղօթի՛ր, երգի՛ր հայերէն, քանի որ դա է մեր յարատեւման առհաւատչեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակի առջեւ մեզանից իւրաքանչիւրի պարտքը»:

Ներկաներուն ողջունեց նաեւ Սերկօ Երիցեան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, բոլոր անոնց, որոնք նախանձախնդիր են հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ: Լեզուի տեսչութեան պետը բարձր գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ արդէն աւանդական դարձած Մայրենիի օրուան ձեռնարկներու իրականացումը եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ կեանքի կոչած այն բազմաթիւ ծրագիրներն ու ձեռնարկները, որոնք կը նպաստեն մայրենի լեզուի պահպանման ու տարածման:

Ներկաներուն վրայ առանձնայատուկ տպաւորութիւն գործեց Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանի այլազգի` արաբ, հնդիկ եւ պարսիկ ուսանողներու հայերէն ասմունքն ու խօսքը:

Հայոց լեզուին նուիրուած ասմունքով եւ երգով հանդէս եկան սուրիահայ պատանիներն ու աղջիկները: Տօնական ձեռնարկին կը մասնակցէին նաեւ Արագածոտնի մարզի Ոսկեհատ գիւղի Խրիմեան Հայրիկի անուան միջնակարգ դպրոցի սաները:

Այնուհետեւ ձեռնարկի մասնակիցները այցելեցին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ Մատենադարան եւ ծաղիկներ տեղադրեցին Մ. Մաշտոցի արձանին մօտ: Հայոց այբուբենին նուիրուած ասմունքով հանդէս եկան Մ.  Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները:

Նշենք, որ 1999թ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Փետրուար 21-ը հռչակած է մայրենիի միջազգային օր, որ 2005 թուականէն իր արժանի տեղը ունի ՀՀ պետական տօնացոյցին մէջ:

Օշական եւ Մատենադարան այցելութիւններու տեսաձայնագրութիւնը կրնաք ներբեռնել ftp://ftp.mindiaspora.am/VIDEOS/ հասցէյէն 21.02.2015.avi ֆայլը:

mayrennnmayrnoshkxxxxx

Scroll Up