Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին ՀՑԹԻ Շարք Մը Ժամանակաւոր Ցուցադրութիւններ Կը Կազմակերպէ Հայաստանի Եւ Արտերկրի ՄԷջ

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ 2015 թուականի ողջ ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ կը նախատեսէ գիտական բացարձակ նորոյթ պարունակող, թանգարանային ցուցադրութիւններու ժամանակակից տեխնոլոկիաներով, նորագոյն ձեւաւորմամբ, քսանհինգ խորագիրով, միաժամանակ բազմալեզու ցուցադրութիւններ կազմակերպել, կը գրէ armeniangenocide100.org-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած տարբեր խորագիրներով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնները շահեկանօրէն կը նպաստեն հայկական ու միջազգային լսարաններուն մէջ սոյն թեման խոր եւ հանգամանալի ներկայացնելուն, կը ծառայեն կրթադաստիարակչական նպատակներուն:     Ցուցադրութիւններուն   կից      կ’ըլլան
հայերէն եւ օտար լեզուներով պատրաստուած պատկերագիրքեր, գրքոյկներ եւ թռուցիկներ: Զուգահեռ` ՀՑԹԻ կողմէ կը նախատեսուի հայերէն եւ օտար լեզուներով յուշագրութիւններ ու մենագրութիւններ հրատարակել:

«Արտերկրի մէջ նման ցուցադրութիւններ կազմակերպելը հնարաւոր է միայն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹԻ) եւ տեղի հայ համայնքի համապատասխան կառոյցներու ու ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աջակցութեամբ համապատասխան ցուցադրական հարթակներ ապահովելու պարագային:

Կից կը ներկայացնենք ներկայացուելիք ցուցահանդէսներու ցանկը:

Հայոց ցեղասպանութիւն. 100 տարուան տարեգրութիւն

100 Իրական պատմութիւն  Հայոց ցեղասպանութեան մասին

Ընդհատուած մանկութիւն. Հայոց ցեղասպանութեան զոհ մանուկները

Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամլոյ առաջին էջերուն

Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանքը

Հայոց ցեղասպանութիւն. Ռուսական արձագանքներ

Արեւմտեան Հայաստանը եւ արեւմտահայ կեանքը փոստային բացիկներուն մէջ

100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին

Մերձաւոր արեւելքի նպաստամատոյցի աստղը. Մարդասիրութեան ակունքներուն մէջ

Հայերը օսմանեան բանակին մէջ. Ծառայութիւն եւ ոչնչացում

Հայկական մարզանքը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ

Յօշոտուած Հայաստան կամ հոգիներու աճուրդը. Օրորա Մարտիկանեանի ոդիսականը

Ցեղասպանութիւն եւ դիմադրութիւն. Ինքնապաշտպանական մարտերը 1915-1922 թթ

Միջազգային հայասիրական շարժում. Ընդվզում ցեղասպանութեան դէմ

Առաջին համաշխարհային պատերազմ. Դաշնակիցներ, կերպարներ, կոտորածներ

Յանցագործութիւն` ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան. Հայոց
ցեղասպանութեան իրագործողները

Զմիւռնիոյ ոչնչացումն ու Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ աշխարհի անկումը

Հայ գործարար կեանքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ

Ուսեալ ազգը. Արեւմտահայ կրթահամալիրներու աւարտական վկայականները

Ընթերցող համայնքը. Հայկական գաւառային մամուլը

Գիրքը` իբրեւ ցեղասպանութեան վկայ

Հայկական հարսանիքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ

Սարսափի լուսանկարներ. 1909 թուականի Ատանայի ողջակիզումը

Արեւմտահայ աշխարհի մեղեդիները. Օսմանեան կայսրութեան հայկական երաժշտախումբերը

Արեւմտեան Հայաստանը` Գրիգոր Ճերճեանի աչքերով

Թուարկուած ցուցադրութիւններու հակիրճ նկարագրութիւնը հասանելի է ՀՑԹԻ կայքին վրայ: Անոնք ուղեցոյցի նշանակութիւն կ’ունենան ցուցահանդէսներու կազմակերպման մէջ կողմերուն համար:

 

Scroll Up