Արեւմտահայերէնը մեր ազգային հարստութիւնն է եւ սփիւռքի լինելութեան հիմքը. Հրանոյշ Յակոբեան
Հայ ժողովուրդի, ազգի լինելութեան կարեւորագոյն գրաւականը մայրենի լեզուն է. այս մեկնակէտէն ուղղուած, 2005 թուականին փոփոխութիւն մտցուեցաւ ՀՀ «տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքի մէջ եւ ՀՀ պետական տօնացոյցի Փետրուար 21-ը հաստատուեցաւ իբրեւ Մայրենիի օր:
Միջազգային այս տօնը Հայաստանի մէջ եւս նշելու նախաձեռնութիւնը այն ժամանակ ՀՀ Ազգային ժողովի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ներկայիս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին է, որուն հետ կարճ զրոյց ունեցաւ «Հայերն Այսօր»-ը.
– Տիկի՛ն նախարար, կը խնդրեմ, կարճ բնութագրէք`
-Մայրենին…
-Էութիւնս է, հայու ողնաշարը, մեր գոյութեան եւ լինելութեան հիմքերէն մէկը:
-Մայրենիի տօնի խորհուրդը…
– Բոլորի ուշադրութիւնը հրաւիրել լեզուի հարցերուն: Փայփայել մայրենին, մաքրամաքուր հայերէնը դարձնել մեր գլխաւոր զէնքը: Եւ յատկապէս Սփիւռքին հորդորել, որ պէտք է միշտ հայերէն սորվիլ:
-Արեւելահայերենը…
– Մեր պաշտօնական լեզուն է, որ երկար տարիներ պահել-պահպանել է այս տարածքի հայութիւն։ Հայոց լեզուն միայն մեր ազգինն է, մերն է, ուրիշ ոչ-ոք չի կրնար ոտնձգութիւն ընել:
-Արեւմտահայերենը…
– Մեր ազգային հարստութիւնն է, հայոց լեզուի միւս ճիւղը, որ դարեր շարունակ Սփիւռքը հայ պահած է: Եւ մինչեւ օրս ալ Սփիւռքը ամէն գնով կը պահէ ու կը պահպանէ այդ ժառանգութիւնը:
-Դասական ուղղագրութիւնը…
– Գրաբարի հիմքի վրայ ստեղծուած մեր ուղղագրութիւնը, որուն պահպանումը եւս մեծ նուիրում պահանջած է մեր ժողովուրդէն:: Փաստօրէն Սփիւռքը առանց պետութեան, առանց քաղաքականութեան կրցած է նաեւ գրաւոր խօսքը պահպանել:
-Նոր ուղղագրութիւնը…
– Քննարկումներ, տեսակէտներ, հարցադրումներ, տարբեր կարծիքներ, բայց համոզուած եմ` որ պիտի գայ օրը, երբ մենք վերջնականապէս կ’ունենանք միաւորուած լեզու եւ ուղղագրութիւն:
-Ձեր սիրելի բանաստեղծը (գրողը) կամ բանաստեղծները …
– Շատ են` Պ. Սեւակ, Հ. Շիրազ, Պ. Դուրեան, Դ. Վարուժան, Վ. Թեքէեան, Հ. Սահեան, Վ. Դաւթեան Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան…
-Լեզուի մասին Ձեր ամենասիրած խօսքը կամ բանաստեղծութիւնը:
– Լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններ շատ ունինք, իսկ դիպուկ բնորոշումները շատ հզօր են: Օրինակ`
Ա. Իսահակեանի «հայրենիքը լեզուն է: Նա՛ է միացնում անցեալը, ներկան ու ապագան, մեռածն ու ապրողը, նա՛ է յաւէրժացնում ազգը, շտեմարանում ազգի հոգեւոր գանձերը »:
Համօ Սահեանի հետեւեալ տողերը.
Մեր լեզուն արիւնն է մեր,
Արիւնից աւելի թանկ,
Մեր բուրմունքն ու գոյնն է մեր,
Մեր լեզուն մենք ենք որ կանք:
Պարոյր Սեւակի «եւ այր մի Մաշտոց անուն » պոէմի այս հատուածը.
Իսկ իսկութիւն չէ՞,
Որ զօրքից յետոյ
Միշտ էլ լեզուն են մարտադաշտ հանում,
Եւ ինչ չի կարող ո՛չ մի զօրք անել`
Լեզուն է անում:
Սիլվա Կապուտիկեանի տողերը.
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս:
Մուշեղ Իշխանի «հայ լեզուն տունն է հայուն, Աշխարհի չորս ծագերուն… »:
Եւ վերջապէս Պայրոնի հետեւեալ տողերը` «Աստծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է »:
-Սփիւռքահայերու օգտագործած Ձեր ամենասիրած բառը կամ արտայայտութիւնը:
Վարձքդ կատար…
-Մանկութենէն մնացած, լեզուի հետ կապուած հետաքրքրական դրուագ կամ յուշ կը պատմէ՞ք։
– Նախ շնորհակալ եմ, որ ծնած ու մեծցած եմ մանկավարժներու եւ գիտնականներու ընտանիքի մէջ, այնտեղ ուր ազգայինը, հայրենասիրականը ամէն ինչէ վեր էր: Փոքր տարիքէն մենք կը դաստիարակուէինք Մաշտոցով, Խորենացիով, Նարեկացիով, Քուչակով: Շատ յաճախ հայրս, Խորհրդային տարիներու այդ փակ համակարգի պայմաններու մէջ, տուն կը բերէր անտիպ նիւթեր: Արգիլուած գրականութիւնը տուն բերելով հայրս յատուկ յանձնարարութիւն կու տար` յանկարծ ուրիշը այդ մասին չիմանայ: Իսկ մենք ալ ամբողջը ագահօրէն կը կարդայինք:
Ես հինգերորդ դասարան էի, երբ Շիրազի անտիպ գործերը սկսան տարածուիլ հանրապետութեան մէջ: Այդ ժամանակ ես չէի հասկնար` անտիպը կամ տպագրուածը ի՞նչ է: Հայրս հերթական անգամ Շիրազի անտիպ բանաստեղծութիւններու տրցակ մը տուն բերած էր: Քանի որ ես ասմունքի նկատմամբ իւրօրինակ սէր ունէի, անմիջապէս սորվեցայ «Եօթ բուռ մոխիր» բանաստեղծութիւնը: Որոշ ժամանակ անց Գաւառի մէջ ասմունքի մրցոյթ էր, ու ես արտասանեցի այդ նոյն բանաստեղծութիւնը.
…երբ որ մեռնեմ, ինձ այրեցէք,
բայց մոխրիցս եօթը բուռ
տարե’ք, ցրե’ք Հայաստանիս
յոթը կողմերը դեռ անդուռ:
Առաջին բուռն համասփռեք
կրծքին բանտուած Մասիսի,
որ խառնուեմ իր մեծ սրտին,
հովանայ սիրտն իմ յոյսի:
Թէ չէ այսպէս, ինչպէս գառը
հեռու կապեն իր մօրից,
թէ չձուլուեմ Արարատին,
ես կը մեռնեմ կարօտից…
Ասմունքեցի, չհասկանալով, թէ այդ բառերու իմաստը, նշանակութիւնը ինչ վտանգ կրնար ունենալ: Ես, որ միշտ գերազանց սորվող էի, յաճախ պարգեւներ կը ստանայի: Այս անգամ մասնակցելով մրցոյթի` ոչինչ չստացայ ու արտասուելով տուն եկայ: Երեկոյան մայրս, որ դպրոցի տնօրէն էր, շատ լարուած, վախցած աշխատանքէն վերադարձաւ, կանչեց ինծի, գրկեց ու ըսաւ. «աղջի՛կս, այսօր մրցոյթին ի՞նչ արտասանած ես»: Երբ մօրս ըսի, թէ ինչ արտասանած եմ ու դժգոհեցայ, որ ինծի բան չտուին ու չյաղթեցի, ան ճակատս համբուրեց ու ըսաւ. «բալի՛կս, այլեւս այդ մէկը չարտասանես, եթէ արտասանես, հայրիկին կը բռնեն»: Ես սարսափեցայ, իսկ մօրս այդ խօսքերը դաջուեցան ուղեղիս մէջ: Տարիներ յետոյ միայն իմացայ, որ այդ նոյն օրը մօրս կանչած են կուսակցութեան շրջանային կոմիտէ եւ մեծ «դաս» տուած անոր: Իսկ համապատասխան մարմինները կանչած են հօրս եւ բացատրութիւն պահանջած, թէ ինչպէս իր հինգերորդ դասարանի երեխան կ’արտասանէ Շիրազի չտպագրուած բանաստեղծութիւնը:
Փա՛ռք Աստուծոյ, որ հիմա կ’ապրինք անկախ Հայաստանի մէջ, եւ մեր փոքրիկները մայրենին սորվելու ժամանակ նման սահմանափակումներ չունին:
Յ.Գ. Նշենք, որ Մայրենիի տօնին ընդառաջ «Հայերն Այսօր»-ը զրուցած է նաեւ ոլորտին առնչուող եւ հասարակութեան մէջ ճանաչում ունեցող այլ անձանց հետ, որոնք նոյնպէս պատասխանած են մայրենիին վերաբերող շարք մը կարճ հարցերու:
Մեր զրուցակիցներըպիտի ըլլան`
– ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեան
– ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի տնօրէն, լեզուաբան Վիքթոր Կատվալեան
– Վալերի Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի հայագիտութեան ամբիոնի աւագ դասախօս Սուսաննա Աբազեան
– Տէր Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեան
-Երեւանի Կուպալեանի անուան մասնաւոր վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Նարինէ Պաղտասարեան: