11 Տարի Առաջ Այս Օրը Վայրագօրէն Սպաննուեցաւ Հայ Սպայ Գուրգէն Մարգարեանը

11 տարի առաջ այս օրը Պուտափեշտի մէջ ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը կացինահարեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: 2006թ. Ապրիլ 3-ին Պուտափեշտի դատարանը մարդասպան Սաֆարովը դատապարտած էր ցմահ ազատազրկման` 30 տարուան ընթացքին առանց ներման իրաւունքի, կը գրէ Aparaj.am-ը:
Սակայն 2012թ-ին Օգոստոս 31-ին հունկարական կառավարութիւնը ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Սաֆարովը արտայանձնեց Ատրպէյճանին, որմէ ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներում շնորհեց մարդասպանին, ապա հերոսի կոչում տուաւ:
Ատոր հետեւեցաւ նաեւ պաշտօնի ու կոչումի բարձրացումն ու վերջին 8 տարիներուն չվճարուած աշխատավարձի փոխանցումը: Այս ամէնուն հետեւեցաւ Հայաստանի որոշումը` կասեցնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հունկարիոյ հետ: Յիշեցնենք, որ նոյն օրը ոճրագործը մահափորձ կատարած էր նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու մէկ այլ սպայի նկատմամբ, որ կանխուած էր: Ոստիկանութեան աշխատակիցներուն մարդասպան ատրպէյճանցին կ’ըսէ, որ իր վրէժխնդրութիւնը ինչ-որ մէկուն դէմ չէ, այլ ողջ հայ ազգին: