«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Արխիւները». Գիտաժողով Զմմառի Մէջ (լուսանկարներ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Գիտաժողով-Զմմառում.jpg)
Զմմառի վանքին մէջ կայացած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արխիւները» խորագիրը կրող մէկօրեայ գիտաժողով` Զմմառի Միաբանութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ:
Գիտաժողովին մասնակցած են Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան, լիբանանեան համալսարաններու իրաւագիտութեան եւ պատմութեան բաժիններու ղեկավարներ եւ դասախօսներ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանէն: Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած է Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ կարեւոր նկատած է արխիւները` իբրեւ ճշմարտութեան բացայայտման եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւոր գրաւական: Ողջոյնի իր խօսքը ըսած է Զմմառի վանքի վանահայր, պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի պետութեան, ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Գիտաժողովի ծիրէն ներս Դամասկոսի եւ Եգիպտոսի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կառոյցներու ղեկավարները ներկայացուցած են հայ համայնքի ծրագրած եւ արդէն մասամբ գործադրուած` 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ցանկը: Առաջին զեկուցումով փարիզաբնակ պատմաբան, փրոֆէսոր Յարութիւն Գէորգեան ներկայացուցած է Եղեռնին վերաբերող յատկապէս օտարերկրեայ արխիւներու պարունակած արժէքաւոր նիւթը, այդ նիւթի ուսումնասիրուածութիւնը եւ, առանձնապէս` դեռեւս շատ կարեւոր ընելիքները, որոնց զգալի մասը անոր կարծիքով պէտք է բաժին իյնայ մեր պատմաբաններու երիտասարդ սերունդին: Փրոֆէսոր Վահրամ Շէմմէսեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձած է Միջին Արեւելքի հայկական արխիւներուն` մէկ առ մէկ նշելով բոլոր այն արխիւները, ուր ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ եւ առանձնացուցած է Գահիրէի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան, Հալէպի եւ Պաղտատի Հայ Առաքելական առաջնորդարաններու արխիւները, ուր փաստագրական մեծ նիւթ ամփոփուած է: Հետաքրքիր եւ բովանդակալից զեկոյցով հանդէս եկած է Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, Մայր ցուցակի եւ Ձեռագրագիտութեան բաժինի վարիչ Գէորգ Տէր Վարդանեան, որ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով կորստեան մատնուած ձեռագիր մատեաններուն, որոնց թիւը կը հասնի շուրջ 30.000ի: Ան նշած է, որ շատ փոքր թիւով ձեռագիրներ փրկուած են Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն: Տէր Վարդանեան աւելցուցած է, որ վանքերէն եւ եկեղեցիներէն բռնագրուած ձեռագիրներու մէկ մասը այսօր կը գտնուի թրքական պետական գրադարաններուն եւ արխիւներուն մէջ: Ան նաեւ նկատած է, որ անկարելի է յստակ ըսել, թէ որքան հայ կրօնական սպասք եւ եկեղեցական իրեր կորուստի մատնուած են:
Գիտաժողովի վերջին զեկուցողը Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանն էր, որ ներկայացուցած է Մարտինի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Իկնատիոս Արք. Մալոյեանի կեանքը: Լիբանանի մէջ կայացած այս գիտաժողովը կարեւոր նկատուած է դեռեւս չյայտնաբերուած եւ չուսումնասիրուած արխիւային նիւթերու առումով, քանզի հայ ժողովուրդն այսօր լուրջ մարտահրաւէրու առջեւ կանգնած է իբրեւ ազգ եւ պատասխանատու է իր պատմութեան վաւերաթուղթերուն եւ արխիւային նիւթերուն համար: Գիտաժողովը նաեւ ուղղակի եւ անուղղակի կոչ է երիտասարդ գիտնականներուն եւ ուսումնասիրողներուն` աւելի մեծ թափով լծուելու այս կարեւոր աշխատանքին:
Լուսանկարները` photoraffi.me կայքէն: