Ցեղասպանութիւններու Ժխտումը Մարդու Իրաւունքներու Խախտման Կոչ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/21315_EuFoA.jpg)
Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը վերջերս վաւերացուցած է, ցեղասպանութիւններու եւ ժխտողականութեան մասին «Մարդու իրաւունքները եւ ժողովդրավարութիւնը աշխարհի մէջ», տարեկան տեղեկագրութիւնը, որ կը ներառէ հատուածներ Հայաստանի մասին: Այս մասին կը յայտնէ Aztag Arabic-ը։
Հայաստանի եւրոպացի ընկերներու կազմակերպութեան տնօրէն` Էտուարտօ Լորենցօ Օչուայի խօսքով, յանձնաժողովը հաստատած է յաւելուած հատուածեր Հայոց ցեղասպանութեան, եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին մասին:
Զեկոյցին մէջ կոչ կ’ուղղեն անդամ երկիրներուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Եւրոմիութեան մարմիններու աջակցութիւնը այս հարցին շուրջ:
Յանձնաժողովը կոչ կ’ուղղէ նաեւ, անդամ պետութիւններուն համադրելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ դատապարտելու ցեղասպանութիւններու եւ յանցագործութիւններու ժխտումը, զայն համարելով մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խախտում:
Յանձնաժողովը նաեւ դատապարտած է, ազգային փոքրամասնութիւններու` հայերու եւ եզտիներու հալածանքները, իսլամական պետութեան կողմէ: