Օլանտի Հովանիի Ներքոյ Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Գիտաժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Genocide-Conf-rence.jpg)
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հովանիի ներքոյ Մարտ 25-28 Փարիզի մէջ պիտի իրականացուի «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Մեծ պատերազմի տարիներուն 1915-2015. հետազօտութիւններու 100 տարի» անունը կրող գիտաժողով:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը հետազօտող միջազգային գիտական խորհուրդի կողմէ, կը հաղորդէ News.am-ը` Nouvelles d’Armռnie-ի յղումով:
Կը նախատեսուի, որ գիտաժողովի առաջին օրը` Մարտ 25-ին, Սորպոնի համալսարանի մեծ ամֆիթատրոնին մէջ ելոյթ ունենայ Ֆրանսայի նախագահը:
Ելոյթով հանդէս պիտի գան նաեւ Փարիզի ակադեմիոյ տնօրէն Ֆրանսուա Վէյլը եւ Ֆրանսայի սոցիալական գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի ղեկավար Փյէր-Սիրիլ Օկեորը:
Ներածական դասընթաց պիտի ընթերցէ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտման հարցերով միջազգային գիտական խորհուրդի նախագահ Իւ Տէրնոն:
Զեկուցումներով հանդէս պիտի գան շարք մը յայտնի պատմագէտներ, քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ: