Պահանջատիրական Արշաւ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին
Այսօր Փետրուար 16-ին «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պահանջատիրական արշաւ Ախալքալաքէն դէպի Վաչիան գիւղի բարձունքներէն մէկուն վրայ գտնուող Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունով կառուցուած մատուռը, այս մասին կը տեղեկանանք akhaltskha.net կայք-էջէն:
Արշաւը մեկնարկեց Ախալքալաքի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մօտէն, ուր երիտասարդական միութեան անդամները Տէր Տաթեւ Մարուքեանի հետ աղօթեցին Ցեղասպանութեան զոհերու ոգիներու հանգստեան համար, ապա Տէր Տաթեւի հետ միասին ուղեւորուեցան Ախալքալաքի քաղաքային խորհուրդի շէնք, ուր սակրեպուլոյի (քաղաքային խորհուրդ) նախագահ Համլէթ Մովսիսեանին, կամկեպելի (շրջանի ղեկավար) Էդուարդ Աղասարեանին եւ Ախալքալաքէն ընտրուած պատգամաւոր Սամուէլ Պետրոսեանին փոխանցեցին հետեւեալ բովանդակութեամբ դիմում նամակները.
Մենք` Սամցխէ–Ջաւախք եւ Քուեմօ Քարթլի տարածաշրջաններուն մէջ գործող հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներս մեր եւ մեր կազմակերպութիւններու անդամներու անունէն կը խնդրենք եւ կը պահանջենք, որ Ձեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ հետամուտ ըլլաք, որ Ախալքալաքի քաղաքապետարանի Վարչութիւնը եւ Ժողովը որոշեն .
1. Ապրիլ 24-ը ընդունել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ ոգեկոչման օր:
2. Ապրիլ 24-ը սահմանել ոչ աշխատանքային օր:
3. Թոյլ տրուի յառաջիկային կազմակերպել եւ իրականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յաւերժացման եւ ոգեկոչման նպատակով ձեռնարկներ եւ երթեր:
4. Հայոց Ցեղասպանութեան եւ յետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման նպատակով` պահանջները ներկայացնել նաեւ Վրաստանի խորհրդարան:
Նամակները փոխանցելէ ետք երիտասարդները իրենց արշաւը շարունակեցին Ախալքալաքէն ուղեւորուելով Վաչեան գիւղի բարձրունքներէն մէկուն վրայ գտնուող Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռը:
Մատուռին մօտ երիտասարդները երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ խօսեցան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս իրենց ընելիքներուն շուրջ: