«Genealogy». Հայաստան «Եւրոտեսիլ-2015»-ին Կը Բարձրացնէ Ցեղասպանութեան Հարցը

«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթն այս տարի տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ` Մայիս 19-ին, 21-ին եւ 23-ին` «Կառուցելով կամուրջներ» նշանաբանի ներքոյ: Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ հաւատարիմ մնալով մրցոյթի այս տարուան նշանաբանին, ոգեշնչուելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկի գաղափարով, ինչպէս նաեւ` առաջնորդուելով բազմաթիւ սփիւռքահայերու   ցանկութեամբ, որոնք միշտ եղած են եւրոտեսիլեան  մեր պատուիրակներու կողքին,
հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը որոշեց մրցոյթին ներկայացնել նոր ձեւաչափ:

Կարեւոր համարելով խաղաղութեան, միասնութեան եւ հանդուրժողականութեան գաղափարը` հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղագործական խումբը որոշեց այս տարի համախմբել 1915 թ-ին աշխարհի 5 մայրցամաքներուն մէջ (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Աֆրիկա, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդը: Խումբին մէջ ծագումով հայ 5 երգիչներ են, որոնք կը զուգակցուին անմոռուկի 5 թերթիկներու հետ, իսկ Հայաստանէն կը միանայ եւս մէկ մասնակից, որ կը համախմբէ թերթիկները: Յատուկ մրցոյթին համար ձեւաւորուելիք խումբը կը կրէ «Genealogy» անուանումը` 6 արուեստագէտ, 6 ճակատագիր, 1 պատմութիւն:

Երգի վերնագիրն է` «Don’t deny» («Մի՛ ժխտեր»):

«Genealogy» խումբի առաջին մասնակիցի անունը յայտնի կը դառնայ Փետրուար 16-ին:

 

Scroll Up