Սուրիահայութեան դերակատարութիւնը պահանջատիրական գործընթացի աշխատանքներուն մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/նիստ-300x225.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին հրաւէրով, Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ ժողովասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող մարմնին առաջին նիստը, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ . Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի, մասնակցութեամբ՝ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Պետական Յանձնաժողովին հրատարակած Հայոց Ցեղասպանութեան Համահայկական Հռչակագրին եւ շեշտեց Հայ Դատի եւ պահանջատիրական գործընթացի աշխատանքներուն մէջ սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական բարդ կացութեան:
Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ մակարդակով կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները:
Այնուհետեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն թելադրուեցաւ ապրիլեան ձեռնարկներու ընթացքին Անմորուկ ծաղիկը որդեգրել որպէս պաշտօնական նշանակ:
Աւարտին, սրբազան հօր եւ վերապատուելիին ներկայութեամբ ընտրուեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմնին դիւանը, հետեւեալ մանրամասնութեամբ․-
Ատենապետներ տիար Ժիրայր Րէիսեան եւ տիար Հրանդ Աթթարեան, Ատենադպրուհիներ տիկին Լարա Տիրարեան եւ տիկին Վարդուկ Պարտագճեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմին