Երկու Շաբթուան Ընթացքին Թուրքիոյ Դէմ Սիսի Կաթողիկոսարանի Հարցով Հայց Կը Ներկայացուի

Փետրուար 7-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերուն ընթացքին քննարկուած են  շարք մը ազգային, եկեղեցական եւ վարչական բնոյթի հարցեր: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը, անդրադարձ    եղած   է   նաեւ   Սիսի   պատմական
կաթողիկոսարանի պահանջի վերաբերեալ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուելիք դատական հայցին:

Մասնաւորապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա յայտարարած է, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Սիսի կաթողիկոսարանի հարցով թրքական դատարանին մէջ հայց պիտի ներկայացուի` շեշտելով, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ծրագիրներու շարքին այս դատը եզակի տեղ պիտի գրաւէ:

Դատական հայցի նպատակն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել հայապատկան կալուածներու վերադարձի հարցին վրայ` Ցեղասպանութեան համար հատուցման ծիրին մէջ:

Armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսը նշած է, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հարցին վերաբերեալ շարք մը հանդիպումներ  ունեցած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու հետ:

Scroll Up