Իզապէլ Պայրաքտարեան Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգով Հանդէս Պիտի Գայ Միչիկանի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/Isabel-Bayrakdarian.jpg)
Մարտ 7-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի յանձնաժողովը ԱՄՆ Միչիկան նահանգի Տիրպորն քաղաքի Ֆորտ համայնքային եւ կատարողական արուեստներու կեդրոնին մէջ կը ներկայացնէ «Իմ երգերը, իմ ժառանգութիւնը» խորագիրով համերգ, կը յայտնէ armeniangenocide100.org-ը:
Համերգին ելոյթ պիտի ունենան Կրեմմի մրցանակի առաջադրուած գանատահայ սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան եւ իր ամուսինը` Սերուժ Քրաճեան, ինչպէս նաեւ Հենրիկ Կարապետեան լարային քառեակը: Պիտի հնչեն հայկական շարականներ, ժողովրդական երգեր, կամերային երաժշտութեան եւ 20-րդ դարու երգեր` անգլերէն ենթագիրներով, այս մասին կը փոխանցէ pressandguide.com կայքը:
Պայրաքտարեան գաղթած է Գանատա մանուկ հասակին: 1997թ. գերազանցութեամբ աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը` կենսաբժշկական ճարտարագիտութիւն մասնագիտացմամբ եւ նոյն տարին յաղթած է Մեթրոփոլիտէն օփերայի ազգային խորհուրդի լսումները:
Երգչուհին Կրեմմիի մրցանակաբաշխութեան յաղթած «Մատանիներու տիրակալը. Երկու աշտարակ» ֆիլմի սաունտթրէքի երգիչն է, իսկ 2004-2007թթ. 4 տարի անընդմէջ յաղթած է գանատական Ճունօ մրցանակաբաշխութեան: Հոլոքոստ. երաժշտական Յիշատակման Ֆիլմին մէջ հնչող համարներէն մէկուն կատարման համար առաջադրուած է Կրեմմի մրցանակի, ինչպէս նաեւ նկարահանուած Հայաստան կատարած իր առաջին ճանապարհորդութեան մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմին մէջ` «Երկար ճանապարհորդութիւն դէպի տուն» վերնագիրով:
ԱՄՆ Միչիկան նահանգի Տեթրոյտի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովը, որ կազմուած է տարածաշրջանի 15 յառաջատար հայ-ամերիկեան ընկերութիւններէն, ամբողջ 2015թ. ընթացքին կազմակերպած է իրադարձութիւններ` յարգելու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, պահանջելու ճանաչում եւ հատուցում, բարձրացնելու բոլոր ցեղասպանութիւններու մասին մարդոց իրազեկուածութիւնը: