100 Համերգ. Ո՞ւր Պիտի Շրջագայի Տիգրան Համասեան

Ամբողջ աշխարհով Հայաստանը իր երաժշտութեամբ ներկայացնող դաշնակահարը կրկին այստեղ է, նոր ըսելիքով: Երեւանի տարեդարձի առիթով Տիգրան Համասեան «Ճազ 2796» համերգով հայ երաժշտասէրին կը ներկայացնէ իր նոր ալպոմը: Այս մասին կը հաղորդէ armnewstv.am-ը:

5-20-րդ դարու հոգեւոր ստեղծագործութիւնները երաժիշտը պիտի կատարէ իր թրիօ խումբով: Պաս-կիթառահարն ու հարուածայինը հայեր չեն, բայց անոնց երաժշտական պաշարը այնքան մեծ է, որ Տիգրանը ընտրած է հէնց իրենց: Իր ստեղծած երաժշտութեան կը  դժուարանայ ոճային դասակարգում տալ:

Բրիտանական Կարտիան պարբերականը շարժանկար նկարահանած է Համասեանի մասին, անոր կոչած ամենագրաւիչ ճազ դաշնակահարը: Երաժիշտին համար տեսախցիկին հետ աշխատանքը անսովոր էր: Հէնց այդ պատճառով նկարահանող խումբը  կը ստեղծէր միջավայր, որ անոր աշխատանքը ըլլար միայն իր հարազատ գործիքին հետ:

Երաժիշտը կը պատրաստուի յաջորդ տարի ներկայացնել Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգաշար` խորհրդանշական 100 համերգներով: Երաժիշտը մէկ այլ նախաձեռնութիւն ալ ունի: Կը ցանկայ համերգներ տալ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներուն մէջ եւ այդ ուղղութեամբ արդէն կ’աշխատի: Արդէն ունի  քանի մը պայմանաւորուածութիւն Թուրքիոյ մէջ համերգներով զբաղող կազմակերպութիւններու հետ:

 

Scroll Up