Հալէպի Նոր Գիւղ Շրջանը Կ՛ենթարկուի Հրթիռակոծման. Զոհուած է Հայ Երիտասարդ մը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/zoh1.jpg)
Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ի յիտմիջօրէին Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռներուն եւ կազի պայթուցիկ տակառներուն պատճառով զոհուած է հինգ քաղաքացի, որոնց մէկը՝ հալէպահայ Գօգօ Գպըճեանն է (1991-ի ծնունդ)։ Արձանագրուած են նաեւ տասնեակ վիրաւորներ։
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասարի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։