Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Նիստը

Փետրուար 6-ին ժամը 16:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը (Հասցէ՝ Վ. Սարգսեան 26/1 «Էրեբունի պլազա» պիզնես կեդրոն, 5-րդ յարկ, 503 սենեակ):


Պիտի ներկայացուին սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի 2015 թուականի աշխատանքային ծրագրերը, սուրիահայերու գործարարութեան զարգացման ծրագրերը, պիտի քննարկուին շարք մը այլ այլ հարցեր:

Scroll Up