Կոմիտասի Տունը Դեռ Կանգուն է. Թրքական Կայքին Անդրադարձը
Հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիր համարուող Կոմիտաս վարդապետի ծննդավայր Քութահիոյ մէջ դեռ պահպանուած է այն տունը, ուր ան ծնած է:
Ըստ Tert.am-ի՝ թրքական Yeni Kutahya կայքը անդրադարձած է Սողոմոն Սողոմոնեանի` Կոմիտասի կեանքի պատմութեան եւ նշած է, որ տունը, ուր ան ծնած է, դեռ կանգուն է:
Կայքը կենսագրական փաստեր ներկայացուցած է ընթերցողներուն` յիշեցնելով, որ Կոմիտասը մօտ 4.000 հայերէն, քրտերէն, թրքերէն ժողովրդական երգեր հաւաքած եւ նօթագրած է` ապահովելով, որ այդ երգերը հասնին մինչեւ մեր օրերը:
“7.000 տարուան պատմութիւն ունեցող Քիւթահիան իր գոյութեան ընթացքին բազմաթիւ արժէքներ, վառ անհատականութիւններ ունեցած է, որոնց շնորհիւ կրնայ մշակութային զբօսաշրջութիւնը զարգացնել: Գնելով Կոմիտասի տունը` կարելի է զայն երաժշտական թանգարանի վերածել եւ ամէն տարի Կոմիտասի անունով դասական երաժշտութեան փառատօներ, ձեռնարկներ կազմակերպել”,- կը գրէ կայքը: